Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շաբաթավերջին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց կիպրացի իր պաշտօնակից Տիմիթրիս Էլիատիսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին ներքին պարտականութիւնները, անոր սահմանապահ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ անոր գործակցութեան մանրամասնութիւնները:
Ղոսըն մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապը ամէնէն մօտիկ ապագային աւարտի քաղաքական լուծումով մը, որուն շնորհիւ կարելի ըլլայ կասեցնել բռնարարքները եւ կատարել սուրիացի ժողովուրդին պահանջած բարեկարգումները:
Ղոսըն շեշտեց, որ պէտք է զօրակցիլ բանակին եւ հզօրացնել զայն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնները ապահովել` շարունակել կարենալու համար իր պարտականութիւնը:
Էլիատիս իր կարգին ընդգծեց, որ Եւրոպական խորհուրդը եւ Կիպրոսը կը մերժեն Սուրիոյ տագնապին միջամտութիւնները եւ դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` ընդգծելով, որ շրջանին հաւասարակշռութիւնը պահպանելու մէջ Լիբանան գլխաւոր դեր ունի կատարելիք:


