Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաալպեքի Մէջ Ծովածաւալ Բազմութիւնը Դատապարտեց Իսլամական Կրօնը Եւ Մոհամետ Մարգարէն Վարկաբեկող Ժապաւէնը

September 22, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պաալպեքի ցոյցէն տեսարան մը

Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի երէկ Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ծովածաւալ բազմութիւն մը բողոքեց իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներուն անմեղութիւնը» ժապաւէնին դէմ:

Քայլարշաւ ցոյցին մասնակցեցան նաեւ Ամալ շարժումի տասնեակ հազարաւոր հետեւորդներ, որոնք «Կ՛ընդառաջենք մարգարէ» կարգախօսը կրող ցոյցին ընթացքին վերանորոգեցին Մոհամետ մարգարէին հաւատարիմ մնալու եւ անոր համար իրենց կեանքը զոհելու պատրաստակամութիւնն ու ուխտը:

Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ երեսփոխաններ Հիւսէյն Մուսաուի, Ղազի Զաայթեր, Քամել Ռիֆայի, Ալի Մըքտատ, Էմիլ Ռահմէ, Մարուան Ֆարես եւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ:

Քայլարշաւ-ցոյցը գլխաւորեցին Լիբանանի մէջ Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի օրինական պաշտօնակատար շէյխ Մոհամետ Եազպեքը, Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտը, մարոնի համայնքի Պաալպեքի եւ Հիւսիսային Պեքաայի առաջնորդ Սըմաան Աթալլա եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ շրջանին քաղաքապետերն ու թաղապետերը:

Քայլարշաւի աւարտին խօսք առաւ շէյխ Եազպեք, որ յայտնեց, թէ այս հաւաքը Մոհամետ մարգարէին նկատմամբ իրենց ուխտը վերանորոգելու ցոյց է` շեշտելով, որ նման ժապաւէն մը պատրաստելով, անոնք կը միտին աղաւաղել իսլամական կրօնին պատկերը:

«Այս ժապաւէնը պատրաստող կողմերը թեթեւամիտ են, որովհետեւ անոնք համոզուած են, թէ նման ժապաւէն մը պիտի կարենայ իսլամական եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստել, սակայն խորքին մէջ անոնք միացուցած են այդ երկու կրօնները, որոնք հաւասարաչափ դատապարտած են այդ քստմնելի ժապաւէնը», շեշտեց շէյխ Եազպեք:

Նշենք, որ նոյնաբնոյթ ցոյց մը, ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ, տեղի ունեցաւ նաեւ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, կազմակերպութեամբ Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի:

Շէյխ Ասիր իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ «այն պետութիւնները, որոնք կ՛արտօնեն այլ կրօններ եւ մարգարէներ վարկաբեկող ժապաւէններուն պատրաստութիւնը, ծայրայեղ պետութիւններ են, որոնք ծայրայեղութիւն կը ստեղծեն, սակայն ամբողջ աշխարհին կը փորձեն մեզ ներկայացնել իբրեւ ծայրայեղներ»:

Շէյխ Ասիր շեշտեց, որ քրիստոնեաները ոչ մէկ կապ ունին այդ ժապաւէնին պատրաստութեան հետ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին, յատկապէս մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Շարպելի Հետ Քննարկեց Ապահովական Կացութիւնը

Յաջորդը

Լիբանան Վերապահութիւն Կը Յայտնէ Հայկական Տեսակէտը Անտեսող Բանաձեւին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.