Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Հոլլանտ Հանդիպում Ունեցաւ Ալիեւի Հետ

September 20, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նախանցեալ օր իր նստավայրին մէջ ընդունեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Էլիզէի պալատի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, երկու երկիրներու նախագահները քննարկեցին առանցքային նշանակութիւն ունեցող միջազգային հարցեր: Ֆրանսայի նախագահը կոչ ուղղեց Ազրպէյճանին միջոցներ ձեռնարկելու Հայաստանի հետ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտը վերականգնելու ուղղութեամբ, ինչ որ պիտի նպաստէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ շարունակուող Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւններու յաջող ընթացքին:

Ազրպէյճանական պաշտօնական լրատուութիւնը երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպման` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող հատուածին կ՛անդրադառնայ աւելի կարճ` նշելով միայն, որ քննարկուած են բանակցային լուծման ներկայ հանգրուանը եւ քայլերը, որոնք պէտք է ձեռնարկուին այդ ուղղութեամբ:

Ֆրանսական կողմի պաշտօնական աղբիւրը նշեց, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Իլհամ Ալիեւ վերահաստատեցին փոխադարձ յանձնառութիւնը` աւելի զարգացնելու երկու երկիրներու տնտեսական եւ մշակութային կապերը:

Ալիեւ մեկնած էր Փարիզ` մասնակցելու Լուվրի մէջ իսլամական արուեստի ցուցասրահի բացման արարողութեան, որուն Հոլլանտ եւս ներկայ գտնուեցաւ: Ֆրանսայի նախագահը իր ծաւալուն ելոյթին մէջ  տարբեր մահմետական երկիրներու առաջնորդներու շարքին նշեց նաեւ Ալիեւի անունը` իբրեւ այս ցուցասրահի ստեղծման հովանաւոր, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեծահոգութեան համար:

Մօտ 100 միլիոն եւրօ արժած այս նախագիծին Ազրպէյճանի նախագահը նուիրած է 1 միլիոն եւրօ:

Ֆրանսայի նախագահը ընդգծեց, որ աւելի քան 5000 ցուցանմուշներէ կազմուած ցուցադրութիւնը քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան կը նպաստէ:

«Լը Մոնտ» Կ՛անդրադառնայ Ֆրանսահայութեան Ցոյցին

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Փարիզ այցելութիւնը դիմաւորուած է բողոքի ցոյցերով: 600 հայեր զինք դիմաւորած են` վանկարկելով «յանցագործ»: Անոնք այլ կարգախօսներու շարքին վանկարկած են «Ալիեւ ֆաշական, կորի՛ր Ֆրանսայէն»:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ Ալիեւի հետ շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին անոր կոչ ուղղած է «վերականգնելու Հայաստանի հետ վստահութեան մթնոլորտը», որպէսզի կարելիութիւն ստեղծուի վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւնները` Մինսքի խմբակի ձեւաչափով:

 

 

 

Նախորդը

Աղաբեկեան. «Իմ Առաջին Քայլս Պիտի Ըլլայ Մասնակցիլ Կառավարութեան Ծրագիրի Կազմութեան Աշխատանքներուն»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցեցաւ Վիքթոր Համբարձումեանի Անուան Միջազգային Գիտական Մրցանակի Տուչութեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։