
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութեան աշխատանքային հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքներն ու բանակին հետ անոր համադրումը` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան ծիրին մէջ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ իրաքեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Պաղտատի Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ քահանայ հայր Պիոս Խտըրի:
Քննարկուեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ քաղաքացիներուն դիմագրաւած հարցերը:


