Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Բազմամարդ Ցոյց` Իլհամ Ալիեւի Ֆրանսա Այցելութեան Դէմ

September 19, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը՝ Ֆիլիփ Փիլիպոսեանի

Երէկ, կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին, Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բազմամարդ ցոյց` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Ֆրանսա այցելութեան դէմ: Ցոյցին ընթացքին դժգոհութիւն արտայայտուեցաւ Ֆրանսայի կողմէ Ալիեւը ընդունելու առնչութեամբ, մանաւանդ որ այս այցելութիւնը կը զուգադիպի Ազրպէյճան – Հունգարիա գործարքին իբրեւ հետեւանք արտայանձնման յաջորդող իրադարձութիւններուն: Ցուցարարներուն կողմէ Ալիեւ նկատուեցաւ ոճրագործ, բռնատէր եւ անբաղձալի տարր:

Ցոյցին մասնակցեցան ե՛ւ ձախակողմեան, եւ աջակողմեան ֆրանսացի քաղաքական գործիչներ եւ խորհրդարանականներ, որոնք կողմնակից են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան:

Խօսք առին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի զոյգ համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, Հայ դատի յանձնախումբին անունով Յարութ Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, եւ երեք երեսփոխաններ` Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ, Ֆրանսուա Ռոշպլուա (աջակողմեան) եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսա – Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով Ռընէ Ռուքէ:

Մինչ այդ, ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշպլուա ափսոսանք յայտնեց, որ Ազրպէյճանի նախագահի Փարիզ այցելութիւնը Սաֆարովի գործին պատճառով չէ յետաձգուած: Ան իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Ազրպէյճանի նախագահի այցելութիւնը չ՛ողջունուիր, որովհետեւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մարդասպան Սաֆարովին ներելու մասին անոր որոշումէն քանի մը օր անցած է:

Երկուշաբթի օր Ազրպէյճանի նախագահի այցելութեան դէմ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած էր նաեւ Մարսէյի մէջ: «Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ ցոյցին մասնակցած են շուրջ 200 մարսէյցիներ, քաղաքական եւ կրօնական գործիչներ, որոնց շարքին` երեսփոխաններ Վալերի Պուայէ եւ Հանրի Ժիպրայէլ:

Ցոյցին մասնակիցները իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ վրդովմունք յայտնած են Հունգարիոյ կողմէ Պաքուին արտայանձնուած մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու առնչութեամբ եւ Ֆրանսայի նախագահին կոչ ուղղած են արդարութիւնը վերականգնելու համար կարելի ամէն բան կատարելու:

Նախքան հայ համայնքի բողոքի ցոյցը, ազրպէյճանական եւ թրքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյց մը կատարած են:

Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ բողոքի ցոյցը կազմակերպուած է ի պատասխան Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան մօտ «կատարուելիք» հայ համայնքի բողոքի ցոյցին:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Կը Ստեղծէ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան «Օգնէ` Եղբօրդ» Հասարակական Նախաձեռնութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Պորտիւժան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.