Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ 5-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԻ ՆԻՍՏ

April 21, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գործադիր մարմինի նիստին պահուն

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հայ լրագրողներու 5-րդ համաժողովի գործադիր մարմինի նիստը, որուն համացանցի միջոցով կը մասնակցէին նաեւ գործադիր մարմինի` սփիւռքի մէջ գտնուող անդամները: Նիստը կը վարէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Հայաստանէն նիստին կը մասնակցէին գործադիր մարմինի անդամներ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան եւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժինի պետ Նուէր Նալբանդեան: Համացանցի միջոցով գործադիր մարմինի նիստին Միացեալ Նահանգներէն կը մասնակցէին «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի խմբագիր Յակոբ Վարդիվարեան, Ֆրանսայէն «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան, Ռուսիոյ «Նոյեւ Քովչեք» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան:

Ողջունելով նիստին մասնակիցները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց սփիւռքի հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն դերը հայապահպանութեան գործին մէջ: Հ. Յակոբեան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթը սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ աւելի աշխուժօրէն լուսաբանելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս առումով յատկապէս կարեւոր նկատեց ոչ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ աշխատող հայազգի լրագրողներուն դերակատարութիւնը: Նախարարը ներկայացուց նաեւ երիտասարդութեան տարի յայտարարուած 2011-ի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուելիք ծրագիրները:

Քննարկուեցան հայ լրագրողներու 5-րդ համաժողովէն ետք լրատուական դաշտին մէջ առկայ դրական զարգացումներուն, հայկական լրատուամիջոցներու շրջանային հաւաքներու կազմակերպման, սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցներու շրջանային համակարգող մարմիններու ստեղծման եւ «Հայկական աշխարհ» նախագիծը ներկայացնելու առնչուող հարցեր: Մանրամասնութիւններ ներկայացուեցան 26 յունիսէն 15 յուլիս տեղի ունենալիք երիտասարդ լրագրողներու դպրոց-համաժողովի ծրագիրի եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Գործադիր մարմինի սփիւռքեան անդամները ներկայացուցին իրենց շրջաններուն մէջ լրատուական դաշտի հիմնախնդիրները: Յստակացուեցան հայկական լրատուամիջոցներու շրջանային հաւաքներու կազմակերպման ժամկէտները: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ գործադիր մարմինի նիստերը ասկէ ետք գումարելու առնուազն ամիսը մէկ անգամի յաճախականութեամբ:

 

Նախորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՍԵՆ ՔԷՕՐԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.