Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ԼԻՊԻՈՅ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ

April 21, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սարքոզի եւ Ապտել Ժալիլ

Մինչ շրջափակուած Միսրաթայի մէջ  բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենային, Ֆրանսա երէկ լիպիացի ըմբոստներուն խոստացաւ, որ պիտի աշխուժացնէ Քազզաֆիի ուժերուն դէմ օդային հարուածները եւ զինուորական կցորդներ պիտի ուղարկէ` օժանդակելու համար ըմբոստներուն:

Զինուորական 10 խորհրդականներ ուղարկելու Ֆրանսայի որոշումէն մէկ օր առաջ, Բրիտանիա եւս նոյնպիսի որոշում մը յայտարարած էր:

Ֆրանսայի նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը հաղորդեց, որ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Էլիզէի պալատին մէջ լիպիացի ընդդիմադիրներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլի հետ իր առաջին հանդիպումին ընթացքին զինուորական ուժեղ քայլեր խոստացած է: Ան Ապտել Ժալիլին յայտնած է, որ «մենք իսկապէս պիտի աշխուժացնենք մեր յարձակումները եւ ընդառաջենք Ազգային փոխանցման խորհուրդին այս խնդրանքին»: Ան նաեւ աւելցուցած է. «Պիտի օգնենք ձեզի»:

Ապտել Ժալիլ լրագրողներուն ըսաւ, որ Սարքոզին Պենկազի հրաւիրած է` Քազզաֆիի 41-ամեայ իշխանութեան վերջ տալու գծով Ֆրանսայի զօրակցութիւնը ցուցադրելու համար: «Կը կարծեմ, որ այդ մէկը յեղափոխութեան կորովին համար շատ կարեւոր պիտի ըլլայ», ըսաւ ան: Ֆրանսա չյայտնեց, որ Սարքոզի հրաւէրը ընդունա՞ծ է, թէ ոչ:

Ան նշեց, որ ընդդիմութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիպիոյ մէջ կառուցելու ժողովրդավարութիւն մը, ուր երկրին ղեկավարը իշխանութեան պիտի հասնի «քուէատուփի ճամբով, ոչ թէ հրասայլի մը»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւնը կատարելու համար ամերիկեան ռմբաձիգներու կարիքը չկայ: «Այն ակնարկը, թէ ՕԹԱՆ եւ մնացեալ աշխարհը Լիպիոյ հարցով վարուելու կարողութիւնը չունին, զարմանալի է. անոնք կարողութիւնը ունին», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Երբեմն այլ երկիրներու մօտ կամքը կը պակսի, սակայն ասիկա կարողութեան չի վերաբերիր»:

Նախորդը

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ԻՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՍԵՆ ՔԷՕՐԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.