Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնական Այցելութեան Մը Ծիրին Մէջ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրոսի Նախագահին Հետ

September 17, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ հինգշաբթի օր սկսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Եւրոպական Միութիւնը նախագահող` Կիպրոս պաշտօնական այցելութիւնը:

Նիկոսիոյ մէջ, ժամանումէն անմիջապէս ետք, Էդուարդ Նալբանդեան ընդունուեցաւ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի կողմէ:

Ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Կիպրոսի նախագահը յայտնեց, որ իր մօտ թարմ են եղբայրական Հայաստան այցելութեան յիշողութիւնները, ուր արժանացած է ամէնէն ջերմ ընդունելութեան, եւ ուրախ է, որ կարելիութիւն ունեցած է 2011 թուականին պետական, ապա եւ աշխատանքային այցելութիւններով ընդունիլ Հայաստանի նախագահը Կիպրոսի մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` նախարար Նալբանդեան Կիպրոսի նախագահին փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները եւ նշեց, որ նախագահ Սարգսեան առանձնայատուկ ջերմութեամբ կը յիշէ 2011 թուականին Կիպրոս կատարած իր այցելութիւնները:

Կիպրոսի նախագահն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութեամբ նշեցին, որ վերջին տարիները առանձնացան Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժութեամբ, եւ միացեալ ջանքերով երկկողմանի յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի վրայ բարձրացան եւ առկայ է երկու կողմերուն պատրաստակամութիւնը զանոնք աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու համար: Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ հայ-կիպրական յարաբերութիւնները կարելի է օրինակելի որակել իրենց փոխըմբռնման եւ  փոխադարձ վստահութեան բարձր մակարդակով:

Նախագահ Խրիսթոֆիաս ներկայացուց կիպրական հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին ներկայ վիճակը: Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Կիպրոսի կառուցողական մօտեցումը եւ նախաձեռնութիւնները` ուղղուած կիպրական տագնապի լուծման, եւ կ՛ափսոսայ, որ թրքական կողմը պատշաճ կերպով չ՛արձագանգեր այդ նախաձեռնութիւններուն: Այս ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց 2011 թուականին Հայաստանի նախագահին` Նիկոսիա պետական այցելութեան շրջագիծին ընդունուած միացեալ հռչակագիրը, ուր ամրագրուած է փոխադարձ աջակցութիւնը կիպրական եւ արցախեան տագնապներու լուծման վերաբերեալ  իրարու հանդէպ մօտեցումներուն:

Նախագահ Խրիսթոֆիաս տեղեկացուց նաեւ Եւրոյի գօտիի ճգնաժամի հետեւանքները վերացնելու նպատակով իրականացուող քայլերուն մասին:

Եւրոպական Միութեան Կիպրոսի նախագահութեան շրջագիծին հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն, մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման հոլովոյթին, խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրի բանակցութիւններուն:

Նախարար Նալբանդեան Կիպրոսի ղեկավարին ներկայացուց հունգարական-ազրպէյճանական գործարքին իբրեւ արդիւնք ազրպէյճանցի մարդասպանի ազատ արձակումէն ետք ստեղծուած իրավիճակը` այդ առումով բարձր գնահատելով միջազգային հանրութեան միահամուռ եւ միանշանակ արձագանգը:

Կիպրոսի նախագահը խնդրեց իր ողջոյնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան 21-ամեակին առիթով շնորհաւորանքները փոխանցել եղբայրական Հայաստանի նախագահին եւ ժողովուրդին:

Նախորդը

Պատմական Օր Զմմառու Վանքին Մէջ. Պենետիկտոս Ժզ. Պապը Յակոբ Մեղապարտի Արձանին Բացումը Կատարեց

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.