Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուա Ասատին Կառչած Չէ» Ըսաւ Կաթիլով

September 17, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կենատի Կաթիլով

Մոսկուա յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին «կառչած չէ»` նշելով, որ համաձայն է Ասատի որեւէ ճակատագիրի, զոր սուրիացի ժողովուրդը «քաղաքական հոլովոյթ»-ի մը ծիրին մէջ կը ճշդէ:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնած է, որ «մենք քաղաքական անձնաւորութիւններու չենք կառչիր: Անոնք, որոնք հակառակը կը պնդեն, իրականութիւնը կ՛այլափոխեն»:

Կաթիլով աւելցուց, որ «սուրիացի ժողովուրդը միայն քաղաքական հոլովոյթի մը ծիրին մէջ եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումով, պէտք է իր պետութեան ապագան ու կազմակերպումը որոշէ»: Ան ըսաւ, որ «մենք կը յարգենք որեւէ համաձայնութիւն, որ այսպիսի երկխօսութենէ կը գոյանայ. այս կեցուածքը կը վերաբերի նոյնիսկ Սուրիոյ նախագահի անձին»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը յոյս յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը տայ որոշում մը, որուն միջոցով կ՛որդեգրէ յունիսին գոյացած Ժընեւի համաձայնութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի սկզբունքները կը նշէ: «Դժբախտաբար մեր արեւմուտքցի գործընկերները տարբեր պատրուակներով կը մերժեն Ժընեւի որոշումները վաւերացնել» եւ «իրենց գործնական քայլերով նաեւ կը հակասեն այդ փաստաթուղթի սկզբունքներուն»:

«Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին սպայ մը թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնած է, թէ «Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ թերեւս Յունաստանի գաղտնի սպասարկութեանց բարձրաստիճան շուրջ 50 գործակալներ ներկայիս կը գտնուին Սուրիոյ հետ սահմանին թրքական կողմին վրայ»` նշելով, որ «շարք մը լրտեսներ այդ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ձեռքերուն տակ կը գործեն»:

Ան նշեց, որ նշեալ «գործակալները Սուրիա մուտք պիտի չգործեն, այլ Թուրքիայէն գաղտնի սպասարկական գործողութիւններ պիտի ղեկավարեն` գործակցութեամբ թրքական գաղտնի սպասարկութեան»:

Միւս կողմէ, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտարարեց, որ պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի անդամներ Սուրիա եւ Լիբանան կը գտնուին, սակայն միայն իբրեւ խորհրդականներ:

Ան աւելցուց, որ «մենք հպարտ ենք պաշտպանելով Սուրիան, որ Իսրայէլի դէմ դնող կարեւոր տարր մը կը կազմէ, իսկ այլ պետութիւններ ահաբեկչական խմբաւորումներու իրենց աջակցութենէն ամօթ չեն զգար»:

Նախորդը

Եգիպտոս – Միացեալ Նահանգներ Դիւանագիտական Լարուածութիւն

Յաջորդը

Թուրքիա Եգիպտոսին 2 Միլիառ Տոլարի Օժանդակութիւն Պիտի Տրամադրէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.