Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դրական Մեկնարկ` Երկրորդ Փուլին Համար Կամ` Դէպի Պատժամիջոց

September 14, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի սաֆարովեան բանաձեւը նուրբ ըսելաձեւերով կը հաստատէ, որ Պաքուն ոչ միայն խաբէութիւն ի գործ դրած է, այլ նաեւ խախտած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կայացուցած բոլոր վճիռները:

Վեց կէտերէ բաղկացած այս բանաձեւի իւրաքանչիւր կէտի մեկնաբանութիւնը այլ եզրակացութեան չ՛առաջնորդեր: Հետեւինք բանաձեւի կէտերուն եւ փորձենք կեդրոնանալ իւրաքանչիւր կէտին վրայ.

Եւրոպական խորհրդարանը`

1) Ափսոսանք կը յայտնէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանի մէջ մեծ շուքով ընդունելու, ինչպէս նաեւ անոր գնդապետի կոչում շնորհելու եւ ժամանելուն պէս` իր 8 տարուան աշխատավարձի չափով գումար շնորհելու առնչութեամբ:

Բանաձեւի առաջին կէտով Եւրոպական խորհրդարանը կը հաստատէ, որ ներում-հերոսացումի այն արարքը, որուն կը դիմէր նախագահ Ալիեւ, դատապարտելի է Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ: Թէեւ այստեղ օգտագործուած եզրոյթը «ափսոսանք» է, այսուհանդերձ դատապարտանքի ուղերձը յստակ է:

2) Կը քաջալերէ  Հայաստանն ու Ազրպէյճանը շարունակելու  հաշտեցման գործընթացը:

Առաջին հայեացքով բաղձանքի սահմաններուն մէջ թուացող այս բանաձեւը տպաւորութիւն կը ձգէ առաջին համեմատաբար խիստ կէտէն ետք հաւասարակշռել մօտեցումը, համահաւասար պատասխանատուութեան դասական մօտեցումը կիրարկելով: Մեկնաբանական դիտարկումը սակայն մտածել կու տայ, որ հաշտեցման գործընթացի վերաձեռնարկման կոչ կատարող այս բանաձեւը խորքին մէջ անուղղակիօրէն կը հաստատէ, որ հաշտեցման գործընթացը խախտած է` չըսելու համար, որ կասեցուած: Իսկ նման իրավիճակի գոյառման պատճառը այս պարագային առաջին կէտով արտայայտուած է. հասցէն յստակ է, որուն նկատմամբ «ափսոսանք յայտնուած է իբրեւ մուտք ընդհանուր բանաձեւին:

3) Կը յիշեցնէ, որ Ընկերակցական համաձայնագիրը, որուն ստորագրման շուրջ Ազրպէյճանի հետ ներկայիս բանակցութիւններ կ՛ընթանան կ՛ընդգրկէ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման դրոյթներ ու չափորոշիչներ, որոնց պէտք է հետեւիլ:

Համահաւասարեցման մօտեցումը անմիջապէս կտրուկ շրջադարձ կատարած է երրորդ կէտով: Յիշեցումը ուղղուած է Ազրպէյճանին, մարդասպանը հերոսացնող կողմին, որուն դարձեալ կոչ կ՛ուղղուի հետեւելու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող համաձայնագիրին:

4) Կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ջանքեր գործադրելու` բարեփոխելու դատական ամբողջ համակարգը, մասնաւորապէս. դատական կարգով հետապնդման, դատավարութեան, դատապարտման, ազատազրկման ու բողոքարկման գործընթացները:

Այս բոլորին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը ճիշդ տեսած է ընդգծելու Ազրպէյճանի իրաւական համակարգի խոցելիութիւնը: Այստեղ յստակ պատասխան կայ նախագահ Ալիեւին, որ Ազրպէյճանի սահմանադրականութեան յարիր կը փորձէր ներկայացնել ներում-հերոսացումի աքթը: Այս բանաձեւով իրաւական համակարգի անորոշութիւնը կը հաստատուի եւ մանաւանդ ոչ հիմնաւոր եւ ոչ իրաւական կը նկատուի մարդասպանը ազատ արձակելու Պաքուի պատճառաբանութիւնը:

5) Կոչ  կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին` ենթարկուելու  Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կայացուցած բոլոր վճիռներուն:

Այս ընդհանրացումը` «բոլո՛ր վճիռներուն», խիստ շեշտադրումներ կը պարփակէ իր մէջ: Պարզ ըսելաձեւով Պաքուն խախտած է Եւրոպական դատարանի կայացուցած մարդկային իրաւունքներու բոլոր վճիռները: Սաֆարովի ներկայ կարգավիճակը չի համապատասխաներ մարդկային իրաւունքներուն վերաբերող Եւրոպական դատարանի որեւէ վճիռին: Այսքան պարզ:

6) Կը յանձնարարէ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին, որպէսզի այս բանաձեւը փոխանցէ Եւրոպայի խորհուրդին, յանձնաժողովին, Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան, Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն:

Ուրեմն. պէտք է տարածել այս բանաձեւը Ազրպէյճանին, եւ այն բոլոր կառոյցներուն, որոնց նկատմամբ Պաքուն կ՛իրականացնէ համարկման քաղաքականութիւն եւ այն բոլոր խորհրդարաններուն, որոնց կազմած համագումարներուն եւ խորհուրդներուն մաս կը կազմէ Ազրպէյճանը:

Ճիշդ է, պարտադիր բնոյթ չունի այս բանաձեւը, որ «կոչ»-երով յագեցած է եւ թելադրանքներ ու յիշեցումներ կը կատարէ: Այսուհանդերձ յստակ է ամբաստանութիւնը, ամբաստանուած կողմը, մարդկային իրաւունքները չյարգողը:

Բանաձեւի նախաբան-հիմնաւորումին մէջ  Եւրոպական խորհրդարանը կը հաստատէ`

«Եւրոպական խորհրդարանը  կը համարէ, որ նախագահ Ալիեւի կողմէ նման կարճ ժամկէտներու մէջ ներում շնորհելը հարցականի տակ կը դնէ Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին յանձնելու խնդրագիրի դրդապատճառները, որոնք չեն համապատասխաներ 15 օգոստոսին Հունգարիոյ ուղղուած` Ազրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիլայաթ Զահիրովի նամակի բովանդակութեան: Այս հաստատումը շատ պարզ ու յստակ ձեւով կ՛ըսէ, թէ Ալիեւ ստած է:

Քարոզչաքաղաքական փուլէն ետք իրաւաքաղաքական հարթութեան վրայ այս բանաձեւը, հայկական կողմին համար յստակ առաւելներ կը պարփակէ: Այս երկրորդ եւ կարեւոր փուլին համար դրական սկիզբ կարելի է համարել այս բանաձեւի որդեգրումը: Գուցէ` պատժամիջոց ապահովելու աշխատանքի համար յղում կատարելիք փաստաթուղթի ամրագրումը:

«Ա.»

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց Սաֆարովի Հարցին Վերաբերող Բանաձեւը

Յաջորդը

Աշխարհի Ամէնէն «Տարիքոտ» Ընտանիքը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.