Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հունգարիա Հայաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Վերականգնելու Բարեկամական Կապերը

September 11, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եանոշ Մարթոնի

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոշ Մարթոնին նախորդ շաբաթավերջին  նամակ ուղարկեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, ուր վստահեցուց, թէ Սաֆարովի Ազրպէյճանին  արտայանձնումը  ուղղուած չէր Հայաստանի դէմ եւ պէտք չէ  դիտարկուի իբրեւ վիրաւորանք հայ ժողովուրդի հասցէին:

Հունգարական մամուլը հաղորդեց, որ նամակին մէջ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծեց, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած մարդասպանին արտայանձնումը իրականացուեցաւ միջազգային գործող չափանիշերուն ու այս հարցին մէջ Հունգարիոյ կողմէ կիրարկուող փորձին համապատասխան:

Մարթոնի պնդեց, որ արտայանձնումը «բացառապէս իրաւական բնոյթ» կրած է:

Պաշտօնական նամակին մէջ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ցաւ յայտնեց իր երկրին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կասեցնելու` Հայաստանի որոշման առնչութեամբ եւ նշեց հայ-հունգարական աւանդական բարեկամութիւնն ու «քրիստոնէական արժէքները», որոնք «կը միաւորեն երկու ժողովուրդները դարեր շարունակ»:

«Դիւանագիտական յարաբերութիւններու կասեցումը կրնայ ունենալ լուրջ հետեւանքներ, որոնք չեն բխիր Հայաստանի շահերէն»,- մամուլին մէջ առկայ հաղորդագրութեան համաձայն, պնդեց Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ կոչ ուղղեց Նալպանդեանին երկուստեք ջանքեր գործադրելու բարեկամական կապերը վերականգնելու համար:

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստացած է այս ուղերձը, սակայն պաշտօնական Երեւանը առայժմ անոր որեւէ արձագանգ չէ տուած:

Նշենք, որ Հունգարիոյ կողմէ Սաֆարովին արտայանձնման ենթարկելու հարցը քննարկուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներուն` նախորդ շաբաթավերջին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած ոչ պաշտօնական հանդիպման ընթացքին: Հունգարական մամլոյ համաձայն, Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւրոպացի գործընկերներուն ներկայացուցած է հոլովոյթին վերաբերող շարք մը փաստեր եւ կրկին պնդած է, որ այս հարցին մէջ Պուտափեշտը գործած է միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն համապատասխան: Նոյն աղբիւրին հաղորդումով, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Էշթըն իր աջակցութիւնը առաջարկած է` Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ դիւանագիտական լարուածութիւնը թուլացնելու համար:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին Պրիւքսէլի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին Էշթընի բանբեր Մայա Քոսիյանչիչ հաստատեց քննարկման մասին տեղեկութիւնը եւ ընդգծեց, որ պաշտօնական Պրիւքսէլը կը շարունակէ մտահոգուած մնալ Սաֆարովին ներում շնորհելու` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշումով, բացատրութիւններ կ՛ակնկալէ ազրպէյճանական կողմէն` այս հարցին առնչութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման:

Նախորդը

«Սաֆարովի Գործը Կը Սպառնայ Վերջ Տալ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին» Կը Գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»

Յաջորդը

Կացութիւնը Հալէպի Հայաշատ Թաղամասերուն Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.