Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԵՄԷՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ

April 20, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կը շարունակեն պահանջել նախագահի հրաժարականը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր կը պատրաստուի առաջին անգամ ըլլալով քննարկելու Եմէնի տագնապը, որ մուտք գործած է իր երրորդ ամիսը: Դիւանագէտներ կը յայտնեն, որ ՄԱԿ-ի քաղաքական հարցերու վարչութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ Ապահովութեան խորհուրդին, որ իր նիստի աւարտին Եմէնի վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ»: ՄԱԿ-ի մօտ պատուիրակներէն մէկը յայտնած է. «Կ՛ուզենք փոխանցել քաղաքական պատգամ մը, թէ կացութեան կը հետեւինք»:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հանդիպում ունեցան Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի ներկայացուցիչներուն հետ:

Կիրակի օր Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու եւ եմէնեան ընդդիմութեան ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումը Եմէնի տագնապի լուծման մէջ բեկում մը չյառաջացուց: Հանդիպումէն ետք խորհուրդին հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ընդդիմութիւնը համաձայն գտնուած է արտաքին գործոց նախարարներուն հետ երկխօսութիւնը շարունակելու գաղափարին եւ անոնք երկուշաբթի առաւօտ տակաւին Ռիատի մէջ կը գտնուէին: Նշենք, որ ընդդիմութիւնը շեշտած է Սալեհի` իշխանութենէն անյապաղ հեռացման կարեւորութիւնը:

Եմէնի արտաքին գործոց նախարար Ապու Պաքր Քարպի` մեկնաբանելով այդ հանդիպումը, յայտնեց, որ ատիկա գործնական սկիզբ մըն է եւ ոչ թէ վերջ մը, եւ ի վերջոյ իշխանափոխութեան պիտի առաջնորդէ: Եմէնի նախագահի խորհրդական Ահմետ Սուֆի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց. «Պատրաստ ենք Ռիատ մեկնելու, իսկ իշխանութեան հեզասահ փոխանցումը տարիներու կը կարօտի»:

Միւս կողմէ, Եմէնի իշխող Ժողովրդային համագումար կուսակցութենէն հրաժարած նախարարներ եւ երեսփոխաններ յայտնեցին, որ Արդարութիւն եւ կառուցում անունով նոր համախմբում մը կազմած են: Համախմբումը իր հրապարակած առաջին հաղորդագրութեան մէջ եմէնեան ընկերութեան բոլոր հատուածներուն կոչ ուղղեց իրեն միանալու, եւ գնահատեց Եմէնի տագնապի լուծման գծով Ծոցի արաբական երկիրներու ջանքերը, ինչպէս նաեւ հաստատեց նախագահ Սալեհի հեռացման առնչութեամբ ընդդիմութեան պահանջը:

Իրողական գետնի վրայ` հարաւային Եմէնի Թայիզ քաղաքին մէջ նախագահ Սալեհի հրաժարականը պահանջող չորս ցուցարարներ վիրաւորուեցան, երբ ապահովական ուժեր ցուցարարները ցրուելու համար կրակ բացին: Այս ամսուան սկիզբը Թայիզի մէջ չորս ցուցարարներ սպաննուած էին:

 

Նախորդը

ԸՍՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՅ

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-Ի ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԾԱՆՐ ԶԷՆՔԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏԱՌԵԼԻ ՎՆԱՍ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ԵՆ, ՍԱԿԱՅՆ…

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։