Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Ստեղծագործութի՞ին, Թէ՞ Ապսպրանք. Հակասութիւնը

September 7, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ ԱՆՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԷԻ, ԵԹԷ ՉԱՐԱՇԱՀԷԻ ԻՄ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՍ ԵՒ, ԻՐԱԿԱՆ ՄԵՏԱՂԱԴՐԱՄ ՄԸ ՏԱԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ, ՏԱՅԻ ԿԵՂԾ ՄԵՏԱՂԱԴՐԱՄ ՄԸ` ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿՍ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄՈՎ», ԸՍԱԾ Է ՉԱՅՔՈՎՍՔԻ: «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ ՉԱՅՔՈՎՍՔԻԻ ՄԷԿ ՆԱՄԱԿԸ ՄԷՋԲԵՐԵԼՈՎ` ԱՆԿԵՂԾ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆ ՄԸ Կ՛ԸՆՁԵՌԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ:

Այլոց նկատմամբ անանձնական բարեսիրութիւնը միշտ ալ հմայած է գիտնականներն ու փիլիսոփաները: Այս երեւոյթին ամէնէն յարատեւ դրսեւորումներէն է հովանաւորութեան սովորութիւնը. Իտալիոյ Մետիչի իշխանական ընտանիքէն մինչեւ ստեղծագործական ծրագիրներու համար դրամ յատկացնող Քիքսթարթըր հիմնադրամը հովանաւորած են արուեստները: Չայքովսքիի կենսագրութիւնը եւ նամակները մէկտեղող 1905-ին հրատարակուած «Տը լայֆ էնտ լեթըրզ աֆ Իլիչ Չայքովսքի» գիրքին մէջ կը գտնենք հռչակաւոր երաժիշտին խորհրդածութիւնները հովանաւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանանք անոր կեցուածքին` ստեղծագործական մղումով կամ ապսպրանքով կատարուած գործերու հակասական բնոյթին նկատմամբ:

Չայքովսքի 1 մայիս 1877-ին հետեւեալ նամակը կ՛ուղարկէ իր հովանաւորին` Նատեժտա ֆոն Մեքի` մատնանշելով մերօրեայ ժամանակներու այն բոլոր ախտերը, որոնք կը վերաբերին ապսպրուած գործերու, պահանջի իբրեւ արդիւնք թերի ներշնչումի, ինչպէս նաեւ` հոգեբանական այն հսկայական պատուարներուն, զորս մեզմէ շատերը կը բարձրացնեն դրամական օգնութիւն ստանալու դէմ:

Յարգելի Նատեժտա Ֆիլարեթովնա,

Հակառակ մեր երկուքին լաւ ծանօթ բարեկամիս յամառ ժխտումներուն` համոզիչ պատճառներ ունիմ ենթադրելու, թէ նամակդ, զոր ստացայ այս առաւօտ, արդիւնք է անոր սարքած բարեմիտ մէկ դաւադրութեան: Նոյնիսկ աւելի կանուխ կատարած քու ապսպրանքներդ իմ մէջս արթնցուցին այն կասկածը, թէ զանոնք կատարելու մէկէ աւելի պատճառներ ունէիր. մէկ կողմէ` իրապէս կը փափաքէիր ունենալ իմ գործերուս կարգ մը դաշնաւորումները, միւս կողմէ նկատի ունենալով իմ նիւթական դժուարութիւններս, կը փափաքէիր օգնել ինծի, որպէսզի յաղթահարեմ կացութիւնս: Այն շատ բարձր աշխատավարձը, զոր ուղարկած ես ինծի` առանց մեծ ճիգի իրագործած իմ աշխատանքիս համար, զիս մղեց, որ յանգիմ այս եզրակացութեան: Այլեւս համոզուած եմ, թէ այս երկրորդ պատճառը ամբողջութեամբ կը բացատրէ այս վերջին ապսպրանքը, զոր կը ներկայացնես: Նամակիդ մէջ տողատակի կարդացի նուրբ զգացողութիւնդ եւ ազնուութիւնդ եւ զգացուեցայ իմ նկատամամբ մօտեցումիդ ի տես: Միաժամանակ, սրտիս խորերէն զգացի բուռն չկամութիւն մը` ընդունելու առաջարկդ, այնքան, որ չեմ կրնար դրական պատասխան մը տալ խնդրանքիդ: Չեմ կրնար ընդունիլ, որ որեւէ անհարազատութիւն եւ կեղծիք սողոսկի մեր փոխյարաբերութեան մէջ: Տարբեր պիտի ըլլար, եթէ անտեսէի ներքին մղումներս եւ առանց հաճոյքի եւ ներշնչումի պատրաստէի երաժշտական կտոր մը քեզի համար` փոխարէնը ստանալով նման գործի մը համար ոչ պատշաճ աշխատավարձ մը: Երբեւիցէ մտածա՞ծ ես, թէ պատրաստ պիտի ըլլայի ձեռնարկելու երաժշտական որեւէ աշխատանքի, եթէ աշխատավարձը բաւական բարձր էր: Բաւարար պատճառ պիտի չունենայի՞ր հարց տալու, որ եթէ աղքատ ըլլայիր, ես պիտի չընդառաջէի խնդրանքներուդ:

Ի վերջոյ, մեր յարաբերութիւնը խանգարող ցաւալի մէկ վիճակ գոյութիւն ունի. գրեթէ մեր բոլոր նամակներուն մէջ կը ծագի դրամի հարցը: Անշուշտ արուեստագէտի մը համար նուաստացուցիչ չէ դրամ ստանալ իր աշխատանքին համար: Սակայն, աշխատանքէն անդին, այնպիսի գործ մը, որ դուն այժմ կ՛առաջարկես ինծի, կը պահանջէ որոշ չափի ներշնչում, ինչպէս կ՛ըսեն: Իսկ այս պահուն անիկա իմ տրամադրութեանս տակ չի գտնուիր: Արուեստի մէջ անպարկեշտութեան յանցանքը պիտի գործէի, եթէ չարաշահէի իմ արհեստավարժական կարողութիւնս եւ, իրական մետաղադրամ մը տալու փոխարէն, տայի կեղծ մետաղադրամ մը` պարզապէս դրամական վիճակս բարելաւելու միտումով»:

Սակայն Ֆոն Միքի հակազդեցութիւնը, որ կ՛արտացոլէ անանձնական բարեսիրութեան կեղծ փիլիսոփայութիւն մը, ի յայտ կը բերէ, թէ հովանաւորութեան հակասութիւնը այնքան ալ երկդիմի չէ: Խնդրոյ առարկայ է ոչ թէ գործառնութիւնը, ինչպէս Հենրի Միլըր ըսած է անանձնական բարեսիրութեան մասին, այլ` փոխադարձ գոհունակութիւն մը բաժնելը: Ֆոն Միք կը գրէ.

«Քեզի հոգ կը տանիմ իմ անձնական հանգիստիս համար: Իմ ամէնէն թանկագին համոզումներս եւ կարեկցանքներս կեդրոնացած են քու պահպանութեանդ վրայ: Քու գոյութիւնդ ինքնին շատ մեծ հաճոյք կը պարգեւէ ինծի, որովհետեւ կեանքը աւելի լաւ է, երբ կը ստանամ նամակներդ եւ կը լսեմ երաժշտութիւնդ: Եւ ի վերջոյ կ՛ուզեմ քեզի հոգալ` սպասարկելու համար այն արուեստին, որ կը պաշտեմ, որպէսզի անիկա չունենայ քեզմէ աւելի լաւ եւ քեզմէ աւելի արժանաւոր քուրմ մը: Ուրեմն, կը տեսնե՞ս, քու բարօրութեան համար իմ մտածումներս զուտ եսակեդրոն են: Այնքան ատեն որ կրնամ գոհացնել այս փափաքը, ուրախ պիտի զգամ եւ երախտապարտ` քեզի, որ կ՛ընդունիս օգնութիւնս»:

 

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. «Քնացած Գեղեցկուհին» Հեքիաթին Հետեւողութեամբ…

Յաջորդը

Հունգարիոյ Իշխանութեան Ապաբարոյ Ընթացքը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.