Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. «Քնացած Գեղեցկուհին» Հեքիաթին Հետեւողութեամբ…

September 7, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Թարաս Փոլաթայքոյի «Քնացած իշխանուհին»` Ուքրանիոյ Ազգային թանգարանին մէջ:

ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ` ԱՐԹՆՑՆԵԼՈՒ ՔՆԱՑԱԾ ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻՆԵՐԸ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԹԵՐԹԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԼՈԿԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ «ԲԱՐԴ» ՎԻՃԱԿՆԵՐԸ:

Այս օրերուն Ուքրանիոյ Ազգային թանգարանին կեդրոնական պատկերասրահին մէջ կիներ հրաւիրուած են մրափելու եւ տղամարդիկ` զանոնք մէկ համբոյրով արթնցնելու: Անոնք չեն գտնուիր չար վհուկի մը կախարդութեան ազդեցութեան տակ, ոչ ալ` թունաւոր խնձորի մը: Այսուհանդերձ, փոխարէնը` կիները հրաւիրուած են մասնակցելու արուեստի ցուցահանդէսի մը, որ պատշաճօրէն կը կրէ «Քնացած գեղեցկուհին» վերնագիրը:

Ծանօթ հեքիաթէն ներշնչուած ծրագիրը յղացած է ուքրանացի-քանատացի արուեստագէտ Թարաս Փոլաթայքօ: Անոր գործը հիմնուած է Շարլ Փերոյի այն պատմութեան վրայ, որուն մէջ երիտասարդ աղջիկ մը կը կրէ 100 տարի քնանալու անէծքը, օր մը ճշմարիտ սիրոյ համբոյրով արթննալու համար: «Կար ու չկարի» ոճով այս գրականութեան ոգիով` Փոլաթայքօ հրաւիրած է շարք մը գեղեցկուհիներ, որպէսզի իբրեւ կամաւոր մաս կազմեն իր կատարողական արուեստի գործին (փըրֆորմընս արթ): Գեղեցկուհիները 22 օգոստոսէն 9 սեպտեմբեր օրական երկու ժամ պիտի քնանան թանգարանին մէջ: Ամբողջութեամբ ճերմակ հագած` անոնք անշարժ պիտի քնանան բարձր անկողինի մը վրայ, սպասելով կատարեալ համբոյրի մը, որպէսզի արթննան:

Սակայն իրաւական լուրջ հարց մը կայ այստեղ: Ցուցահանդէսին մասնակցելու պայմանը այն է, որ հաւանական իշխանները ստորագրեն հետեւեալ պայմանագրութիւնը. «Եթէ համբուրեմ գեղեցկուհին եւ ան բանայ իր աչքերը, ապա համաձայն եմ, որ ամուսնանամ անոր հետ»: Մասնակցող գեղեցկուհիները եւս ստորագրած են նմանօրինակ պայմանագիր մը. «Եթէ բանամ աչքերս համբոյրը ստանալու պահուն, ապա համաձայն եմ ամուսնանալու զիս համբուրող անձին հետ»: Հետեւաբար, ի տարբերութիւն անցեալի ասպետական իշխաններուն, մերօրեայ ժամանակակից հերոսները պայմանագրութեամբ մը կապուած են յաւիտենական ուրախ կեանքի, եթէ իրենց իշխանուհին կամենայ:

Այս պայմանագրութիւնը առիթ կու տայ փրկութեան կարիքը ունեցող մերօրեայ կնոջ, որ իր խօսքը ունենայ իր ազատագրումին մէջ, թէեւ կատարողական արուեստի այս գործը տակաւին կը կառչի այն գաղափարին, թէ միայն տղամարդ մը կրնայ արթնցնել քնացած իշխանուհի մը: «Փորձութիւնը եւ գերագոյն վայրկեանի վախը կը ստեղծեն արուեստի այս բեմադրուած գործին լարուածութիւնը, – կ՛ըսէ ցուցահանդէսին մամլոյ հաղորդագրութիւնը: – Ակնդիրը պէտք է ուշադիր նայի, նախքան գեղեցկուհին համբուրելը: Գեղեցկուհին պէտք է որոշէ, թէ գերագոյն պահը հասա՞ծ է, թէ` ոչ: Ցուցահանդէսը վերջ կը գտնէ այն պահուն, երբ գեղեցկուհին կը բանայ իր աչքերը»:

«Քնացած գեղեցկուհին» ցուցահանդէսը մազապուրծ շրջանցած է տխուր աւարտ մը, երբ արուեստագէտ Փոլաթայքօ կանչուած է թանգարանին տնօրէնին գրասենեակը, ուր իրեն փոխանցուած է ցուցահանդէսը փակելու Ուքրանիոյ մշակոյթի նախարարութեան թելադրանքը: Փոլաթայքօ այս մասին գրած է Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ` նշելով, որ նախարարութիւնը ոչ մէկ պատճառ տուած է իր ընդդիմութեան: Ան երեւոյթը նմանցուցած է «ամբողջատիրութեան վերադարձի մը»:

Տարակարծութիւնը հետագային լուծուած է նախարարութեան եւ թանգարանին միջեւ հանդիպումներու ընթացքին: Թանգարանին հանրային կապերու ներկայացուցիչ Նաթալիա Միխայլովա հաստատած է մշակոյթի նախարարութեան միջամտութիւնը: «Հաֆինկթըն Փոսթ»ի ուղարկուած ե-նամակի մը մէջ ան կը գրէ. «Իրապէ՛ս դժուարութիւններու հանդիպեցանք, սակայն այժմ ամէն ինչ դասաւորուած է եւ ցուցահանդէսը կ՛ընթանայ ծրագրուած ձեւով»:

Թանգարանը պետական միջամտութիւններու երկար անցեալ մը ունի: Թանգարանին դիմաց սողուն մը յիշեցնող արուեստի գործ մը զետեղելու աշխատանքը որոշ ժամանակ մը կանգ առաւ այս տարի, երբ պատասխանատուներ առարկեցին, թէ անոր հում նիւթերը դիւրավառ էին:

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Թերեւս Վան Կոկ Չէր Ճանչնար Գոյները: Սակայն, Ի՛նչ Փոյթ…

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ստեղծագործութի՞ին, Թէ՞ Ապսպրանք. Հակասութիւնը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.