Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հունգարիոյ Իշխանութեան Ապաբարոյ Ընթացքը

September 7, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հունգարիան, մեզմէ շատերուն համար, 1956-ի հոկտեմբեր-նոյեմբերի ըմբոստացումն էր (հունգարացիները կ’ըսեն յեղափոխութիւն): Այսօր, Պուտափեշտի ազատատենչ ժողովուրդի հերոսական ճակատումը 23 հոկտեմբերին, վերանկախացած երկրի ազգային տօնի օր է: Սիրած էինք այդ ժողովուրդը, որ ազատութեան համար գիտցած էր կուրծք տալ խորհրդային հրասայլերուն:

Հունգարիոյ իշխանութիւնները, գիտակցաբար, եւ աւելի վատ` եթէ անգիտակցաբար, մեղսակից դարձած են ոճիրի մը:

Հայ զինուորի մը դէմ, ոչ պատերազմական վիճակի մէջ, հունգարական հողի վրայ, գազանային ոճիր գործուած էր, եւ դատարանը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտած էր ոճրագործը, ազրպէյճանցի զինուոր Ռամիլ Սաֆարովը, որ կացինով սպաննած էր Հունգարիոյ հիւր Գուրգէն Մարգարեանը:

Ոճրագործը, ութ տարի բանտարկուած մնալէ ետք Հունգարիոյ մէջ, յանձնուած է Ազրպէյճանի, որպէսզի հոն շարունակէ իր բանտարկութիւնը: Մինչեւ հոս զարմացնող ոչինչ կայ: Սա տարբերութեամբ, որ, կա՛մ Հունգարիոյ իշխանութիւնները դատապարտելի ըլլալու չափ միամիտ են, ինչ որ ներելի չէ պետութեան մը մակարդակին, կա՛մ հետամուտ եղած են իրաւ կամ ենթադրեալ շահերու` անսալով ազրպէյճանական միլիառաւոր ներդրումներու խոստումներու:

Mea culpa… Հիմա ձեւերը պէտք է փրկել:

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը Ազրպէյճանի դեսպանին կրնայ դիւանագիտական խողովակով բողոքի գիր մը յանձնել, եւ իր երկրին «անհանգստութիւնը» յայտնել այն մասին, որ ոճիրի համար ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարով իր պատիժը պիտի չկրէ:

Եթէ Ազրպէյճան չարաշահած է Հունգարիոյ բարեմտութիւնը, քաղաքական արժանապատուութիւնը պիտի թելադրէր, որ փոխանակ անհանգստութիւն յայտնելու, ան տուն կանչէր իր դեսպանը:

Դատապարտութեան խօսքեր կան: Հունգարիոյ մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են 23 հոկտեմբեր 1956-ի ազատութեան հերոսներուն կամ անոնց ժառանգներուն կողմէ, որոնք վասն ազատութեան եւ արդարութեան, խորհրդային հրասայլերու դէմ կանգնած էին:

Ռուսիոյ եւ այլոց կողմէ դատապարտութեան խօսքեր ըսուած են:

Արդ, հարց է, թէ այդ դատապարտութեան խօսքերը ի՞նչ բանի պիտի առաջնորդեն:

Հունգարիան Եւրոպական Միութեան անդամ է: Պրիւքսէլը եւ Սթրազպուրկը մեծ գաղափարներու թատերաբեմ են: Հաշուետուութեան պիտի կանչե՞ն Հունգարիոյ պատասխանատուները, թէ իրենց լռութեամբ իրենք եւս մեղսակից պիտի ըլլան:

Սերպ քաղաքական յանցաւորներ հետապնդուեցան, Միջազգային դատարան տարուեցան եւ դատապարտուեցան:

Հայ զինուորը սպաննուած էր միջազգային հանդիպման մը ներկայ ըլլալու առիթով, եւ հիւրընկալ էր Եւրոպական Միութեան անդամ Հունգարիան:

Ազրպէյճան եւ անոր նախագահը` Իլհամ Ալիեւ, խախտելով օրէնք եւ բարոյական, պատիւներով ազատ արձակած են ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովը: Ալիեւ ինքզինք վեր դասած է օրէնքէ եւ դատարանէ` Հունգարիոյ դատարանէն:

Հունգարիան եւ Եւրոպական Միութիւնը, առանձին կամ միասնաբար, իրենք զիրենք յարգելով, ոչ միայն ըսելիք, այլեւ մանաւանդ ընելիք չունի՞ն: Իլհամ Ալիեւ մարդկային իրաւանց եւ միջազգային օրէնքի դէմ ծանրակշիռ յանցանք գործած է: Միջազգային դատարանը, քաղաքական նկատումները գերանցելով, ամբաստանեալի աթոռին պիտի նստեցնէ՞ Իլհամ Ալիեւը: Իր վարկը եւ վստահելիութիւնը նժարի վրայ դրուած են:

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը նիստ պիտի գումարէ: Երբ այս տողերը լոյս տեսնեն, արդէն ան իր նիստը գումարած կ՛ըլլայ հաւանօրէն: Այս կացութեան առջեւ, իր մսկոտութեան վերջ տալով, ան պիտի հակազդէ՞ յայտարարելով Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը, կամ արդէն քառորդ դար առաջ կայացած միացման որոշումը պիտի կենսագործէ՞, պիտի կենդանացնէ՞:

«Դիւանագիտական» ճապկումներով ազգային-քաղաքական հարցերը իրենց տրամաբանական եւ արդար լուծման չեն յանգիր: Հակազդելու ընթացքէն հրաժարելով, նախաձեռնելու ուղին պէտք է որդեգրել, եւ այն ատեն աւելի դիւրին կ՛ըլլայ քառորդ դարու փապուղիին մէջ տեւող տեղքայլին վերջ տալ:

Իլհամ Ալիեւ ինքզինք դիմակազերծ ըրած է:

Քաղաքակիրթ աշխարհը իր աչքերու կապանքը պիտի վերցնէ՞: Մեր «բարեկամներուն» այս հարցումը պէտք է ուղղել, երբ անոնք գեղեցիկ խօսքեր կ՛ըսեն:

Ամերիկայի մէջ պիտի գտնուի՞ ֆետըրըլ ճաճ մը, դաշնակցային դատաւոր մը, որ դատարան բերէ Իլհամ Ալիեւը` իբրեւ ոճիրի մը մեղսակից:

Աշխարհի հայ դատաւորները եւ իրաւաբանները ըսելիք եւ ընելիք չունի՞ն` այս տարրական արդարութեան հարցը միջազգայնացնելու համար, որպէսզի արդար բողոքի քանի մը ժամ տեւած կամ տեւելիք ցոյցերը հոգեհանգստեան պաշտօնի չնմանին:

4 սեպտեմբեր, 2012

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ստեղծագործութի՞ին, Թէ՞ Ապսպրանք. Հակասութիւնը

Յաջորդը

«Հաւատարմութիւն, Հեզութիւն Եւ Աշխատասիրութիւն» (Հեղինակ` Արտաւազդ Արք. Թրթռեան)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.