Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակը Խիստ Հարուածներ Կրնայ Հասցնել Զինեալներուն, Պայմանաւ Որ Անոնք Քաղաքական Հովանաւորութիւն Չունենան» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

August 31, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քահուաժի իր խօսքը կ՛ուղղէ հանգստեան կոչուած սպաներուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանգստեան կոչուած սպաներու պարգեւատրումին ընթացքին հաստատեց, որ բանակը յանձնառու է ներքին առումով զինուորական իր ծրագիրներուն գործադրութեան` նշելով, որ հակառակ իր համեստ կարողութիւններուն, ան կը ջանայ զսպել երկրին սահմանային անցքերը եւ արգիլել սադրանքներու մուտքը Լիբանան:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանի մէջ ըլլայ ապահովական այնպիսի գօտի մը, որ դուրս է լիբանանեան պետութեան իշխանութենէն:

«Բանակը պիտի չարտօնէ, որ քաղաքական ուժերը որեւէ հարցով զինք շանթաժի ենթարկեն: Միաժամանակ բանակը կը ջանայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ Լիբանան բազմազանութեան երկիրն է: Հետեւաբար, բանակը պիտի չարտօնէ, որ այս կամ այն քաղաքական կողմերը իր ետին մնան եւ բանակին կեցուածքները օգտագործեն`  զանոնք ծառայեցնելու համար իրենց շահերուն: Բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ բանակը յանձնառու է միայն պետութեան հեղինակութեան», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ ոմանք  բանակին լռութիւնը եւ անոր դէմ կատարուած ցեխարձակումներուն չհակազդելը սխալ մեկնաբանած են` առանց հասկնալու, որ բանակին կարգախօսն է աղմուկէ հեռու գործել:

«Բայց եւ այնպէս, բանակը այսուհետեւ լուռ պիտի չմնայ իր դէմ կատարուող ցեխարձակումներուն,  ամբաստանութիւններուն եւ արարքներուն դէմ, ո՛վ որ ալ ըլլայ այդ մէկը կատարող կողմը: Այս շրջագիծին մէջ բանակին կողմէ դատական իշխանութիւններուն դիմելը փաստ մըն է, որ զինուորական հաստատութիւնը կը յարգէ երկրին օրէնքները, որոնք պէտք է յարգուին նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ», ընդգծեց զօր. Քահուաժի:

Ան հաստատեց, որ բանակը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը տեղեակ պահած է, թէ ինք կրնայ հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը եւ խիստ ու ծանր հարուածներ հասցնել բոլոր զինեալներուն, պայմանաւ որ քաղաքական բոլոր կողմերը իրենց հովանաւորութենէն բացայայտ կերպով զերծ կացուցեն այդ զինեալները:

 

 

Նախորդը

Թուրք Դեսպանը Այցելեց Սինիորայի Եւ Ապպաս Իպրահիմի

Յաջորդը

«Ճարտարարուեստի Նախարարութիւնը Կը Գործէ Կառավարութեան Մշակած Հաւասարակշռուած Բարգաւաճումի Քաղաքականութեան Հիման Վրայ» Կ՛ըսէ Սապունճեան

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.