Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեհմանփարասթ. «Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Շարժումի Վեհաժողովը Սուրիոյ Մէջ Օտար Միջամտութեանց Մերժումին Վրայ Պիտի Շեշտէ»

August 30, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռամին Մեհմանփարասթ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սիոնական գոյացութիւնն ու Ամերիկան դժգոհ են շրջանին մէջ տեղի ունեցող իսլամական զարթօնքներէն եւ կ՛ուզեն սադրանք յառաջացնել, ինչ որ Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցողներուն մէջ յստակ է»` նշելով, որ «Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի ժողովին մէջ տիրակալութեան դէմ կենալ ուզող կայ»:

Ան ըսաւ, որ «սուրիական հարցը Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովին ներկայացուելիք բանաձեւին առաջին կէտն է: Մասնագէտներուն միջեւ սուրիական տագնապին շուրջ մեծ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն Իրան այս հաղորդագրութեան մէջ տեսակէտները մօտեցնելու համար միջամտեց»` նշելով, որ իրանեան կողմը Սուրիոյ շուրջ բազմաթիւ կէտեր ներկայացուցած է եւ անոնց շուրջ մասնագէտներու ու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով համաձայնութիւն գոյացած է, եւ իրենք կը նախատեսեն, որ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակին վրայ եւս անոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ:

Մեհմանփարասթ ըսաւ, որ բանաձեւին ամէնէն կարեւոր կէտերէն է Սուրիոյ մէջ օտար միջամտութեան մերժումը, բռնարարքներու եւ սպանութեանց դատապարտումը, ինչպէս նաեւ Անանի ծրագիրին զօրակցիլը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ մեծ պետութիւնները անհետանալու ճամբուն վրայ են եւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունին նոր ուժեր, որոնք այդ պետութեանց տեղը գրաւելու կը կանգնին` նշելով, որ «Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովին ներկայութիւնը առիթ պիտի ըլլայ վեհաժողովին նախագահութիւնը եգիպտական կողմին յանձնելու, բան մը, որ բացումի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ»:

Ան ըսաւ, որ սուրիական տագնապի լուծման համար պէտք է օտար միջամտութիւնը եւ զէնքերու մատակարարումը դադրին, որպէսզի խաղաղութիւն հաստատուի:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն նշեց, որ «Իրան շրջանին մէջ տագնապներու լուծման համար միջնորդի կարեւոր դեր կը կատարէ»` աւելցնելով, որ «Իրան շրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի եւ կրնայ շրջանի տագնապներու լուծման օժանդակել, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապներու լուծման համար կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ»:

 

Նախորդը

Ըստ «Ռոսիսքայա Կազեթա»-ի Անգարա Ասատի Վարչակարգին Նկատմամբ Իր Կեցուածքը Կրնայ Փոխել

Յաջորդը

Թուրքիա ՄԱԿ-ի Հետ Սուրիացի Գաղթականները Սուրիոյ Մէջ Պաշտպանելու Եւ Պատսպարելու Կարելիութիւնը Կը Քննարկէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.