Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլու Պոլսոյ Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցութիւն Կ՛առաջարկէ Եւ Սուրիոյ Հայերոն Մասին Կը Խօսի

August 27, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա անգամ մը եւս առիթը օգտագործած է արծարծելու համար ղարաբաղեան հիմնախնդիրը:

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նշած է, որ Թուրքիա կը փափաքէր, որ Հայաստան ու Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ հանդիպումներ կատարեն եւ բանակցութիւններ վարեն Պոլսոյ մէջ:

Տաւութօղլու նաեւ ըսած է, որ Թուրքիա շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները լուծելու քաղաքականութիւն կը վարէ, ինչի շնորհիւ Թուրքիա շրջանի յառաջատար երկիրը դարձած է:

«Մենք պիտի փափաքէինք, որ Սուրիոյ հարցով բանակցութիւնները տեղի ունենային Թուրքիոյ մէջ: Պիտի ուզէինք նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նոյնպէս հանդիպումներ տեղի ունենային Պոլսոյ մէջ», ըսած է ան:

Ահմեթ Տաւութօղլու նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիա` այլ գաղթականներու շարքին, կրնայ ընդունիլ նաեւ սուրիահայերը: Ան ըսած է, որ թրքական կողմը կը պատսպարէ Սուրիայէն գաղթած սիւննիները, արաբները եւ թուրքմենները:

«Եթէ վաղը Սուրիոյ մէջ բռնութեան ու խոշտանգումներու ալիք սկսի, ապա մենք կրնանք հիւրընկալել նաեւ այդ երկրին մէջ ապրող քրիստոնեաները: Մենք պիտի պաշտպանենք նաեւ Սուրիայէն գաղթած քիւրտերու իրաւունքները», նշած է Տաւութօղլու:

Այն հարցումին, թէ արդեօք դռները բա՞ց են նաեւ հայերու համար, որոնց նախնիները 1915-ին Թուրքիայէն գաղթած են, ան ըսած է. «Վիճակը այնպիսին է, որ մոռացութեան պիտի մատնուի նաեւ 1915-ի իրավիճակը: Մեր մշակոյթը այնպիսին է, որ մենք ոչ մէկուն նկատմամբ ատելութիւն կը տածենք եւ քինախնդիր չենք: Մեր դռները բաց են բոլորին առջեւ»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու հարցին` Տաւութօղլու կտրուկ կերպով հերքած է ատոր հաւաստիութիւնը:

Հայաստանի Պատասխանը

Ի պատասխան Տաւութօղլուի կատարած յայտարարութիւններուն` Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան Panorama.am հայկական լրատուական կայքէջին ըսաւ. «Եթէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իրապէս կ՛ուզէ նպաստել տագնապի լուծման, ապա Թուրքիա պէտք չէ փորձէ խեղաթիւրել ղարաբաղեան խնդիրին էութիւնը, այսինքն` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը, որուն ի պատասխան Ազրպէյճանի իշխանութիւնները   դիմեցին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան եւ ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ լայնածաւալ նախայարձակումի իրականացման:

«Խնդիրի լուծման համար արդիւնաւէտ պիտի ըլլար, եթէ Թուրքիա կարենար դրդել Ազրպէյճանը բանակցելու տագնապի իրական կողմին` Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Թուրքիա առնուազն պէտք է չշարունակէ սատարել Ազրպէյճանի «ամէն ինչ կամ ոչինչ» դիրքորոշումին եւ բանակցային հոլովոյթը Մինսքի խմբակի շրջանակներէն դուրս բերելու փորձերուն, որոնք ուղղուած են միջնորդներու ջանքերը տապալելուն»:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Դպրոցական Դասագիրքերը Նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Կը Պատմեն

Յաջորդը

Ակնարկ. «Միջնորդական» Առաջարկներ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.