Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Հոգեկա՛ն Ու Մարմնակա՛ն Յաւերժութեան Արժանի Ըլլալու Համար…

August 27, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, «Հայոց խնկելի Աստուածածին»-ի վերափոխման տօնին սրբագեղ մթնոլորտին մէջ ենք տակաւին, որուն մէջ կը ներշնչենք եւ կ՛արտաշնչենք այս երկու ճշմարտութիւնները, որոնց չենք  անդրադառնար մեր ամէնօրեայ հեւքին ու ժխորին մէջ:

Եւ սակայն, այս ճշմարտութիւնները այնքա՛ն էական են մեր երջանկութեան եւ անմահութեան համար: Ուստի, միշտ կ՛արժէ խօսիլ ու լսել, գրել եւ կարդալ անոնց մասին:

Առաջին պարզ ճշմարտութիւնն այն է, որ Մարիամ Տիրամայրը ոչ միայն հոգիով ու մարմնով վերացաւ երկինք, այլ նաեւ լուսակերպ հոգիով ու մարմնով «երէկ, այսօր, վաղը եւ յաւիտեանս» կ՛ապրի արքայութեան մէջ:

Երկրորդ պարզ ճշմարտութիւնն այն է, որ Սիրամօր վերափոխումը թէ՛ երաշխիք է, եւ թէ յիշեցումն է մեր հոգիին ու մարմնին պայծառակերպ գոյատեւման Աստուծոյ սիրոյն եւ յաւերժութեան մէջ` Յիսուսի ու Մարիամի հետ:

Այդ ցանկալի ու հասանելի գոյատեւումը, սակայն, ունի իր նախապայմանները` մեզմէ գործադրուելիք առաքինութիւնները, որոնցմէ ոմանց առկայութիւնը կը մատնանշէ այսօր կարդացուած աստուածաշնչական հատուածը (Ղկ. 1,38-49):

Գաբրիէլ հրեշտակապետին Նազարէթի Կոյսը յայտնեց իր ամբողջական համակերպումը Աստուծոյ կամքին ու ծրագիրին. «Ես Տիրոջ Աղախինն եմ. թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ. 1,38):

Մեծերու, կտրիճներու, այո՛, սուրբերու կեցուածքն է այս, որուն իւրացումը կը սպասուի մեզմէ, եթէ կ՛ուզենք մեծ, կտրիճ, այո՛, սուրբ ըլլալ…: Մարդասէր Աստուծոյ բարերար կամքը գործադրելը մեր ազնուացումն է, մեր բարձրացումն է, մեր անմահացումն է. «Աստուծոյ կամքը կատարողը կը մնայ յաւիտեան» (1 Յվհ. 2,17):

Աւետաբերէն իմանալով իր ծերունի ազգականին` Եղիսաբէթին շատ յապաղած յղութիւնը`  Մարիամ «փութով» մեկնեցաւ անոր` օգնութեան հասնելու համար:

Մեր աստուածասիրութիւնը կը նախապայմանուի մեր եղբայրասիրութեամբ. «Ասով կը զանազանուին իրարմէ Աստուծոյ զաւակներն ու սատանային զաւակները: Ով որ արդարութիւնը չի գործադրեր, Աստուծմէ չէ, եւ ո՛չ ալ այն անձը, որ չի սիրեր իր եղբայրը» (1 Յվհ. 3,10):

Մեր եղբայրասիրութիւնն ալ կը նախապայմանուի մեր գործնականութեամբ. «Մենք ասով ճանչցանք Սէրը, որ Ան իր կեանքը զոհեց մեզի համար: Պարտինք, ուրեմն, մենք ալ տալ մեր կեանքը մեր եղբայրներուն համար:

Մէկը, որ աշխարհի բարիքները կը վայելէ եւ կը տեսնէ իր եղբայրը կարօտութեան մէջ, բայց իր գութի դռները կը փակէ անոր առջեւ, Աստուծոյ սէրը ինչպէ՞ս պիտի բնակի անոր մէջ…:

Զաւակնե՛ր, չսիրենք միայն խօսքով ու լեզուով, այլ նաեւ գործով եւ իրողութեամբ: Ասով պիտի գիտնանք, թէ մենք ճշմարտութեան զաւակներ ենք եւ Անոր առջեւ պիտի խաղաղեցնենք մեր սրտերը» (1 Յվհ. 3,16-19):

Մարիամ փաստեց իր աստուածասիրութիւնը իր եղբայրասիրութեամբ եւ իր եղբայրասիրութիւնը` իր գործնականութեամբ, երբ երեք ամիս ծառայեց եւ օգտակար եղաւ տարիքոտ ծննդաբերողին:

Նո՛յն հոգին, նո՛յն յօժարութիւնը եւ նո՛յն արարքը կը պահանջուին մեզմէ, եթէ «գիտենք, որ մենք մահէն անցած ենք կեանքին, որովհետեւ կը սիրենք մեր եղբայրները» (1 Յվհ. 3,14):

Եղիսաբէթ ո՛չ միայն իր այցելուհին օրհնեց եւ հռչակեց, այլ նաեւ Աստուծոյ կամքին անոր համակերպումէն դիպած ու յաջորդած նորահրաշ իրողութիւնը.«Դուն օրհնուած ես բոլոր կիներուն մէջ, եւ օրհնուած է քու  արգանդիդ Պտուղը» (Ղկ. 1,42):

Մեր շրջապատին մէջ հարազատին, մերձաւորին, դրացիին ու գործընկերոջ մասին լաւ եւ բարի պիտի խօսինք, ինչպէս ալ անոր դրական աշխատանքն ու կենցաղը պիտի գովենք, որովհետեւ սէրն, ընդհանրապէս, եղբայրասէրը, մասնաւորապէս, ոչ միայն «չի՛ նախանձիր ու չի՛ չարախօսեր», այլ նաեւ «կ՛արդարացնէ ամէն բան», քանի «սեփական շահը չի փնտռեր» եւ «անիրաւութեան մէջ չի՛ հրճուիր» (կարդալ 1 Կոր. 13, 1-13):

Համակերպող ու հաւատացող Մարիամի ընդմէջէն` Եղիսաբէթ դրուատեց եւ երանեց այն բոլոր անձերը, որոնք կը հաւատան, թէ «պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ իրենց ըսուած խօսքերը» (Ղկ. 1,45):

Տիրոջ խօսքը մեզի կը տրուի Աստուածաշունչէն, զոր կարդալու ենք ամէն օր, եւ կիրակնօրեայ քարոզէն, որուն հաւատարիմ ունկնդրումէն կը սորվինք թէ՛ բնական, ու թէ՛ գերբնական առաքինութիւնները…: Մեզի կը տրուի ուղեգիծը դէպի յաւերժութիւնը…:

Վերջապէս, Աստուծոյ յաւիտենականութեան մէջ մեր ցանկալի ու հասանելի գոյատեւումին նախապայմաններէն` մեզմէ գործադրուելիք առաքինութիւններէն մին է աղօ՛թքը, աղօթե՛լը:

Հոս, այցելող Քրիստոսակիրը մեզի կը սորվեցնէ փառատրական աղօթքը, որ կը հրճուեցնէ, կը թեթեւցնէ եւ կ՛անդորրացնէ զայն կատարողը:

Մեր աղօթքը ամէն բանէն առաջ ըլլալու է գովերգութիւն եւ սիրերգութիւն Անոր հասցէին, որուն «Անունը սուրբ է», քանի Ան` «Հզօրը մեծ սքանչելիքներ ըրաւ» ո՛չ միայն Մարիամին (Ղկ. 1,49), այլ նաեւ ըրաւ ու կ՛ընէ մեզի…:

 

Այնճար, 19 Օգոստոս 2012

Նախորդը

«Առաջին Լրատուական»-Ի Հարցազրոյցը Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութեան Քարտուղար Աղուան Վարդանեանի Հետ. Համատարած Կուսակցականացումն Անընդունելի Է

Յաջորդը

Թուրքալեզու Երկրները` Նոր Դրօշի Տակ. Թուրքիան Ձգտում Է Դէպի Կովկասի Եւ Միջին Ասիայի Շուկաներ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.