Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԼՑԱՅՄԸՐԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵՆԷՆ ՏԱՌԱՊՈՂ ՄԱՐԴՈՑ ՈՒՂԵՂԻՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԲԱԺԻՆՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ԿԾԿՈՒԻԼ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏՆՈՒԵԼԷՆ ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ…

April 19, 2011
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրիլի կէսերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ ալցայմըրի հիւանդութենէն տառապող մարդոց ուղեղին կարգ մը բաժինները կը սկսին կծկուիլ հիւանդութեան ախտանշաններուն յայտնուելէն տասը տարի առաջ:

Թէեւ նշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները տակաւին իրենց սկզբնական հանգրուանին մէջ կը գտնուին, սակայն հետագային անոնց վերջնականացումով շատ հաւանաբար կարելի ըլլայ նախատեսել, թէ որո՛նք ամէնէն աւելի հակամէտ են ալցայմըրի յառաջացման վտանգին:

Ծանօթ է արդէն, որ ալցայմըրը ուղեղին ջիղերու բջիջներուն վնասող այնպիսի՛ հիւանդութիւն մըն է, որուն պատճառով մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ տարօրինակ փոփոխութիւններ կ՛ունենան իրենց վարուելակերպին մէջ: Ալցայմըրը հետզհետէ զարգանալով` ուղեղի մթագնում կը յառաջացնէ: Ցարդ մասնագէտներ կրցած են միայն հիւանդութեան ախտանշանները որոշ տարողութեամբ ու ժամանակաւոր կերպով մեղմացնող միջոցներ գտնել, սակայն անոր դարմանումը գտնելու կապակցաբար տարուած ջանքերը տակաւին կը մնան ապարդիւն:

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու մէջ մօտաւորապէս հինգ միլիոն հոգի կը տառապի ալցայմըրէ, ինչպէս նաեւ միլիոնաւոր այլ պարագաներ` աշխարհի տարածքին տարբեր երկիրներու մէջ:

ԿԱՐԵՒՈՐ ԱԶԴԱՆՇԱՆ

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են վաթսունվեց հոգի, որոնք սկիզբը առողջ եղած են եւ ալցայմըրի հետ առնչուած որեւէ ախնաշան չէ յայտնուած անոնց մօտ: Մասնագէտները նշեալ մարդիկը բաժնած են երկու խումբի. առաջին խումբին առողջական վիճակին հետեւած են տասնմէկ տարի, իսկ երկրորդ խումբին` ութ տարի:

Նշեալ մարդոց ուղեղը կանոնաւոր յաճախականութեամբ նկարահանուած է մագնիսական հնչեղութեամբ բանող սարքերու միջոցով:

Նկարահանման ընթացքին մասնագէտները հետեւած են գլխաւորաբար ուղեղին ա՛յն բաժիններուն, որոնք ամէնէն աւելի կ՛ազդուին ալցայմըրի հիւանդութենէն, ինչպէս, օրինակ, յիշողութեան ու լեզուի հետ առնչուած բաժիններուն:

Ժամանակի ընթացքին առաջին խումբէն ութ հոգիի եւ երկրորդ խումբէն եօթը հոգիի մօտ յայտնուած է ալցայմըրի հիւանդութիւնը:

Երբ մասնագէտները վերանայած են տարիներու ընթացքին նկարահանման սարքերուն միջոցով նշեալ մարդոց ուղեղին տարբեր բաժիններուն մասին ձեռք ձգուած տեղեկութիւններուն, նկատած են, թէ անոնց ուղեղին կարգ մը բաժինները կծկուելու որոշ նախանշաններ ցոյց տուած են, որոնք հետզհետէ աւելի զարգացած են: Միւս կողմէ, սակայն, առողջ մնացող մարդոց ուղեղին մէջ նման փոփոխութիւն չէ նկատուած:

Մասնագէտները ըսած են, թէ ուղեղին տարբեր բաժիններուն կծկուիլը պէտք չէ աննկատ անցնի մասնագէտներուն ուշադրութենէն` նկատի ունենալով, որ ուղեղին մէջ յառաջացած նման փոփոխութիւններ կրնան իբրեւ ազդանշան ծառայել տարիներ ետք յառաջանալիք ալցայմըրի ախտանշաններուն: Այսուհանդերձ, մասնագէտները կարեւոր գտած են նշեալ ախտանշաններուն յայտնուելէն բաւական առաջ որոշ ազդանշաններով կողմնորոշուիլը` նկատի ունենալով, թէ որքան կանուխ սկսին անոնք անհրաժեշտ ցուցմունքներն ու ուղեղին մթագնումը կանխարգիլող որոշ դեղամիջոցներու գործածութիւնը յանձնարարել նշեալ մարդոց, այնքան աւելի կարելի կ՛ըլլայ մեղմացնել հետագային յայտնուելիք ախտանշաններուն տարողութիւնը եւ, այդպիսով, կարելի կ՛ըլլայ դանդաղեցնել հիւանդութեան զարգացման ընթացքը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 19 ապրիլ 1961 )

Յաջորդը

ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԱԾ ՔԱՆԱԿՈՒԹԵՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԽՄՈՒԱԾ ԱԼՔՈԼ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԽՄԻՉՔՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՏԵՍԱԿԻ ՔԱՂՑԿԵՂՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.