Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարպել Լաւատես Է Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարին Տրամադրուելիք Իսկական Լուծումով

August 24, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փլամպլի եւ նախարար Շարպել

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները ներկայացնող մէկ պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումէն ետք Շարպել մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Լիբանանի կառավարութիւնը օր մը օրանց առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցը չէ անտեսած, սակայն այս իմաստով ես առեւանգեալներուն ընտանիքները չեմ մեղադրեր, որովհետեւ անոնք տեղեակ չէին մեր աշխատանքներէն»:

«Լիբանանի պետութիւնը առեւանգուած ոչ մէկ լիբանանցի իր ճակատագիրին կը ձգէ», ըսաւ Շարպել` աւելցնելով, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին իրենց եւ թուրքերուն միջեւ բանակցութիւնները կը կատարուէին լրատուամիջոցներուն լուսարձակներէն հեռու:

Շարպել հաստատեց, որ «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին կ՛աշխատի լուծելու այս հարցը եւ պէտք է իմանաք, թէ լիբանանեան պետութիւնը իր աշխատանքին չէ սկսած պարզապէս այն պատճառով, որ Լիբանանի մէջ թուրք քաղաքացի մը առեւանգուած է»:

Շարպել ընդգծեց, որ ինք լաւատես է, որ այդ թղթածրարը դրական լուծում պիտի գտնէ` աւելցնելով, որ եթէ անելի մատնուի, ապա առեւանգեալներուն ընտանիքները տեղեակ պիտի պահէ:

Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ ինք Թուրքիա պիտի ուղղուի, երբ իմանայ, թէ որոշ զարգացումներ արձանագրուած են Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին գծով:

Շարպել հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ Շարպելի հետ քննարկած է լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Փլամպլի հաստատեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները լուրջ դերակատարութիւն պէտք է ունենան երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը հաստատելու առումով:

Ան ողջունեց լիբանանեան բանակին, ներքին գործոց նախարարին եւ ապահովական կառոյցներուն դերակատարութիւնը` երկրին կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:

Փլամպլի նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը բարոյական պատասխանատուութիւն ունի` պաշտպանելու սուրիացի գաղթականները:

 

Նախորդը

Մըքտատ Ընտանիքը Առիթ Կու Տայ Լիբանան-Թուրքիա Բանակցութիւններուն

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Բոլոր Միջոցառումներուն Պէտք Է Դիմել` Հակակշիռի Տակ Առնելու Համար Թրիփոլիի Բախումները» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.