
Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի ներքին գործոց նախկին նախարար Մաթան Վիլնայ յայտնած է, որ Իրանի դէմ միամսեայ պատերազմ մը իսրայէլացի 500 զոհ պիտի պատճառէ: Ան նշեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է այդպիսի յարձակումի մը, եւ իրանեան հիւլէական կեդրոններուն դէմ յարձակումին համար Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգում կատարելու կարեւորութիւնը նշեց:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Վիլնայ համակարծիք է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքի հետ, որ ըսած էր, թէ Իրանի դէմ պատերազմի մը ընթացքին հաւանաբար Իսրայէլի մէջ 500 զոհ արձանագրուի:


