Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԱՌԻԹՈՎ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

April 18, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարքը կ՛օրհնէ Ծաղկազարդի թափօրին մասնակցած մանուկները

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Ծաղկազարդի տօնին առիթով մատուցուած պատարագին:

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարքը աղօթեց առ Աստուած, որ Լիբանանը եւ լիբանանցիները առաջնորդէ դէպի յաւելեալ բարգաւաճում եւ կայունութիւն:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքով մարդկութեան առջեւ բացուեցաւ նոր ճամբու քարտէս մը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի Աստուած: Ան շեշտեց, որ Յիսուս Քրիստոսի նոր հայրենիքը համեստութիւնն է ու պարզութիւնը, որ վերջ կու տայ մարդկութեան սրտերը համակող ցաւին:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը շաբաթ օր վերադարձաւ Պէյրութ` աւարտելէ ետք Վատիկան կատարած իր այցելութիւնը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտի կողմէ:

Օդակայանէն  իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ վեհաժողովին մասին իրենք յայտարարած են` աւելցնելով սակայն, որ մարոնի քաղաքական ղեկավարներուն հանդիպումը պէտք էր գաղտնի կատարուէր, սակայն այդ լուրը սպրդեցաւ:

Ռայի պատրիարքը, հիմնուելով իր արձակած կարգախօսին վրայ, հաստատեց, որ գործակցութիւն եւ սէր կը նշանակէ գետնի վրայ խորհրդակցութիւն եւ երկխօսութիւն` բոլոր կարելիութիւններուն մասին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ հասնիլ հիմնական նպատակներուն: «Մենք չենք փափաքիր, որ մեր կատարելիք երկխօսութիւնը տարակարծութեան յանգի», ըսաւ ան:

Ակնարկելով Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարելու հարցին` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք պատրաստ է ոեւէ մէկուն հետ դէմ առ դէմ խօսելու:

Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը նշեց, որ երկիրը այլեւս աղքատութիւն եւ սով, ինչպէս նաեւ զանազան վարչութիւններու մէջ թափուր պաշտօններու առկայութեան կացութիւնը չի կրնար հանդուրժել` կոչ ուղղելով արագացնելու կառավարութեան հոլովոյթը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը վաղը Պքերքէի մէջ կը նախագահէ միջմարոնիական հանդիպումին, որուն պիտի մասնակցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:

Նախորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՄԻՏՔԵՐ` ԱՌԱՆՑ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻ

Յաջորդը

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ ՔՈՒԷՅԹԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.