Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ նկատել տուաւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահի դէմ Սուրիոյ կատարած ամբաստանութիւնները անճիշդ են: Ան նկատել տուաւ, որ այդ ամբաստանութիւնները եւ անոնց տուն տուող փաստերը Սուրիոյ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով պէտք է հասնին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, որպէսզի այդ թղթածրարը ուսումնասիրուի:
Ան զարմանք յայտնեց այդ ամբաստանութիւններուն առնչութեամբ` ըսելով, որ անոնք ոչ մէկ փաստի վրայ հիմնուած են:
Սինիորա շեշտեց, որ իրենք Սուրիոյ բարգաւաճումը եւ կայունութիւնը կը ցանկան: Ան շեշտեց, որ իրենք ոչ մէկ շահ ունին Սուրիոյ հարցերուն միջամուխ ըլլալու առումով` աւելցնելով, որ իրենք կամք եւ կարողութիւն չունին Սուրիոյ մէջ ներքին խլրտումներ հրահրելու:


