Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ԱՐԾԱՐԾԵԼՈՎ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԺԵՍԹ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

April 18, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը` մեկնաբանելով «Շարժում յանուն աւելի լաւ Հունգարիոյ» (Ժոպպիք) ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան կողմէ Հունգարիոյ խորհրդարանին մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ ներկայացուած բանաձեւը, կը գրէ, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան աջակցող Հունգարիան ժեսթ մը ըրաւ Թուրքիոյ` խորհրդարանին մէջ բարձրացնելով արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ Անգարայի գլուխը ցաւցնող Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:

Ժոպպիք կուսակցութենէն երեսփոխան եւ թուրք-հունգարական բարեկամութեան խումբի նախագահ Թամաս Հեկետուս Պուտափեշթի մէջ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին տեղեկացուցած է, որ ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ բանաձեւը յառաջիկային պիտի քննարկուի Հունգարիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, որմէ ետք քուէարկութեան պիտի դրուի լիագումար նիստին մէջ:

«Եւրոպական Միութեան նախագահող Հունգարիոյ խորհրդարանի օրակարգին մէջ նման բանաձեւի ընդգրկումը անհանգստացուցած է Հայաստանը, որ մինչեւ հիմա աշխարհի տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ որոշումներ ընդունիլ կու տար», կը նշէ «Ճիհան»:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, Հունգարիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ «հայկական կողմը պէտք է դուրս գայ ազրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքներէն, եւ պատերազմի պատճառով հեռացած 1 միլիոն ազրպէյճանցիները իրենց տուները պէտք է դառնան»:

 

 

Նախորդը

ԱՆԳԱՐԱ ՓԱՐԻԶԷՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԽՈՉԸՆԴՈՏԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԻ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ

Յաջորդը

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆ ՈՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԿՈՉ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.