Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլէյման Այցելեց Ժիպէյլ Եւ Զգուշացուց Ներքին Լիբանանեան Փոթորիկներէն

August 15, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Ժիպէյլի Նահր Իպրահիմ գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող մարմնակրթական համալիրը, ուր ընդունուեցաւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէի, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Անթուան Սլէյմանի եւ Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթի կողմէ:

Մարզական համալիրին հիմնարկէքը կատարելէ ետք, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ժիպէյլ զրկուած շրջան մը չէ, այլ` ան հարուստ է իր անձնաւորութիւններով եւ հեղինակութիւններով:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանան ժողովրդավարական իր վարչակարգը կը վերանորոգէ եւ անգամ մը եւս տագնապի դաշտի պիտի չվերածուի:

«Մեր շուրջ գտնուող արտաքին փոթորիկները կրնան հակակշիռի տակ առնել, սակայն հիմնական վտանգ կը նկատուին ներքին լիբանանեան իմաստով փչող փոքր փոթորիկները», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Ժիպէյլի մէջ ազգային համերաշխութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը առողջ վիճակի մէջ են` աւելցնելով, որ վարչական ապակեդրոնացման դրութիւնը  պէտք է օր առաջ վաւերացուի:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց լիբանանեան ազգային համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ շրջեցաւ նաեւ Աննայա,  Էհմեժ, Լեհֆետ եւ Օպէյտաթ շրջաններուն մէջ, ապա ան ուղղուեցաւ Մայֆուքի Սայիտաթ Էլիժ վանքը, ուր ներկայ գտնուեցաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած պատարագին:

Էհմեժի մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին առաքելութիւնն ու զոհողութիւնները` շեշտելով, որ լիբանանցի սպաները ժողովուրդին հետ իրենց վարուելակերպին մէջ կը հիմնուին արժանապատուութեան եւ սիրոյ վրայ եւ ոչ թէ հրահանգներու կ՛ենթարկուին:

Նախագահ Սլէյման բացումը կատարեց նաեւ Օպէյտաթ-Մայֆուք վերաշինուած ճամբուն:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան նախագահ Սլէյման կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեց յառաջիկայ հինգշաբթի, 16 օգոստոս 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պէյթէտտինի մէջ տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը միակ վայրն է, ուր կարելի է տեսակէտներ փոխանակել, առաջարկներ ներկայացնել եւ քննարկել լիբանանեան ներքին առումով, յատկապէս կեդրոնանալով Լիբանանի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մշակումին վրայ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նախկին Նախագահ Ամին Ժեմայէլը

Յաջորդը

Եթովպիոյ Սեւամորթ Հայերուն Մասին Վաւերագրական Ժապաւէն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.