
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Հեռնանտօ Էչաւարիան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Ծանօթացման բնոյթ ունեցող այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


