Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուսայնա Շաապան Այսօր Փեքին Կ՛այցելէ

August 14, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պուսայնա Շաապան

Չինաստան երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակը վաղը (այսօր) Փեքին պիտի այցելէ»: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «Պուսայնա Շաապան հանդիպում պիտի ունենայ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժի Չիի հետ»` աւելցնելով, որ «Չինաստան նաեւ կը մտածէ սուրիական ընդդիմութենէն անդամներ Չինաստան հրաւիրել»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չին Կանկ յայտնեց, որ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումը ամրապնդելու համար Չինաստան միշտ նախանձախնդիր է իր գործունէութեան մէջ սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն յառաջացնելու»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Թեհրանի խորհրդակցական ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը եւ մասնաւորաբար իրաւունքի պաշտպանութեան սկզբունքի, ինչպէս նաեւ ազգային խաղաղ երկխօսութեան, հանդարտ մթնոլորտի եւ սուրիական հարցերուն մէջ արտաքին որեւէ միջամտութենէ հեռու  սուրիացի ժողովուրդի արդար պահանջներուն զօրակցութեան հիմամբ իր տագնապը յաղթահարելու համար թափուած ջանքերը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ հետաքրքրութեամբ հետեւած է  Թեհրանի ժողովին, որուն նպատակը Անանի ծրագիրի գործադրութեան հիմամբ, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ ազգային երկխօսութեան ենթահող պատրաստելու իր տագնապէն դուրս գալու Սուրիոյ օժանդակելն է:

Նախարարութիւնը նշեց, որ պիտի շարունակէ այդ դրական նախաձեռնութեանց հիմամբ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ առնչակից երկիրներուն հետ կապ հաստատել` նպաստելու համար Սուրիոյ օժանդակելու ձգտող շինիչ նախաձեռնութիւններուն:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը, որ կը փորձէ Սուրիոյ կարգ մը շրջանները «Թուրքիոյ մէջ արգիլեալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ահաբեկիչներուն յանձնել, վերջաւորութեան ահաբեկչութեան կրակով պիտի այրի»` վստահեցնելով, որ այն, ինչ որ այդ վարչակարգը կ՛ընէ, առանց հաշուետուութեան պիտի չմնայ: Ան կրկնեց սուրիական հողամասերուն վրայ ՔԱԿ-ի զինեալները հալածելու թրքական սպառնալիքները:

Միւս կողմէ, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները սուրիական յեղափոխութեան համակարգումի յանձնախումբերէն քաղելով, հաղորդեց, որ Տէր Զօրի մէջ սուրիական պատերազմական օդանաւ մը վար առնուած է եւ անոր օդաչուն` ձերբակալուած: Իսկ զինուորական աղբիւր մը սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական կործանիչ մը մարզումի սովորական թռիչքի մը ընթացքին թեքնիք խանգարումի պատճառով Սուրիոյ արեւելեան շրջանին մէջ ջախջախուած է, իսկ օդաչուն յաջողած է անկարգելով էջք կատարել, սակայն տակաւին չէ գտնուած:

Սուրիական բանակը Հալէպի Մաշատ թաղամասը իր վերահսկողութեան տակ առնելէ քանի մը ժամ ետք ընդդիմադիր զինեալները Ազամիէ թաղամասէն ալ վտարեց:

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը յայտնեց, որ վերջին դէպքերը ցոյց կու տան այն հաւանականութիւնը, թէ Յորդանան կրնայ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին մէջ ներքաշուիլ` նշելով, որ սուրիացի կարգ մը գաղթականներու Յորդանան մուտք գործել արգիլելը սուրիական վարչակարգին դէմ աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրել պահանջողներուն յաւելեալ պատրուակներ կու տայ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Յորդանան տակաւին չէզոք կեցուածք որդեգրած է, որովհետեւ Ապտալլա Բ. թագաւորը  կը փորձէ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան հաւանականութենէն հեռու մնալ` նշելով, որ ան արաբ միակ ղեկավարն է, որ սուրիական վարչակարգի տապալումէն ետք ալեւի համայնքի ճակատագիրին վերաբերեալ մտահոգութիւն յայտնած է:

«Յորդանանի թագաւորին կացութիւնը որոշ չափով կը նմանի Սուրիոյ նախագահի կացութեան, որովհետեւ իր թիկունքը տուած է իր երկրին մէջ փոքրամասնութեան, Յորդանանի բնակչութեան 60 առ հարիւրը պաղեստինցի են», կը գրէ «Քոմերսանթ»:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա կոչ ուղղած է Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը ստեղծելու:

Ան նաեւ նշած է, որ այդ քայլը նախագահ Պաշշար Ասատին ցոյց պիտի տայ միջազգային հանրութեան մտադրութիւններուն լրջութիւնը:

Թէեւ սուրիական ընդդիմութիւնը քանի մը ամիսէ ի վեր այսպիսի կոչ կ՛ուղղէ, սակայն այս անգամ անիկա կատարուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հանդիպումէն ընդամէնը մէկ օր ետք:

Նշենք, որ Քլինթընի վկայութեամբ, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Դամասկոսի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը, որուն ծիրին մէջ քննարկուած է նաեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու հարցը:

 

 

Նախորդը

«Եթէ Սուրիա Եւ Հըզպալլա Իրանի Դէմ Յարձակումին Հակադարձեն, Անոնց Ենթակառոյցները Պիտի Քանդենք» Կ՛ըսէ Շալոմ

Յաջորդը

Ամերիկեան Ինճիրլիք Ռազմակայանի Թուրք Աշխատակիցները Գործադուլի Կը Պատրաստուին

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.