
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստին ընթացքին վաւերացուած ընտրական օրէնքը:
Պըրրի յայտնեց, որ ինք պատրաստ է քննարկելու ընտրական նոր օրէնքը` հիմնուելով արդար ներկայացուցչութիւն ապահովելու, լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումին վերջ տալու, ինչպէս նաեւ երկրին եւ ազգային շահերը երաշխաւորելու վրայ:
Պըրրիի այցելեցին երեսփոխաններ Հանի Քպայսի, Ուալիտ Սըքքարիէ, Ալի Պեզզի, Ալի Մըքտատ, Ալի Ամմար, Էմիլ Ռահմէ, Միշել Մուսա, Ղազի Զաայթեր, Եասին Ժապեր եւ Քասեմ Հաշեմ:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Թալալ Մերեհպի:


