Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլէյման. «Լիբանանի Մէջ Մասնակի Բարգաւաճումը Երկրին Ապահովական Կայունութեան Չի Նպաստեր»

August 8, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման իր պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահեց «Առաւել աղքատ ընտանիքներու օժանդակութեան ազգային արշաւ»-ի առաջին հանգրուանի յայտարարութեան, որուն ընթացքին հաստատեց, որ պահանջատիրական շարժումի այս հանգրուանին ընթացքին «Առաւել աղքատ ընտանիքներուն օժանդակելու ծրագիր»-ը յոյսի պէս կ՛արտացոլայ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ այդ հարցին հիմնական պատճառը անգործութիւնն է, վարձքերու դրութիւնը, ինչպէս նաեւ ապրուստի սղաճը:

Այս առումով նախագահ Սլէյման նշեց, որ Լիբանանի մէջ 300 հազար քաղաքացիներ չեն կրնար իրենց սննդեղէնին հոգալ, ինչպէս նաեւ չունին ընկերային ապահովութիւն:

Միւս կողմէ, ան դրուատեց ընկերային հարցերու նախարարութեան տարած աշխատանքը` ընդգծելով, որ անհաշիւ մսխումն ու ոչ հաւասարակշռուած ապրելակերպն են հիմնական պատճառները առաւել աղքատ ընտանիքներու գոյութեան: Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի մասնակի բարգաւաճումը իր կարգին պատճառ մը չէ դէպի քաղաքական կայունութիւն մուտք գործելու` աւելցնելով, որ Լիբանանի ընկերային հարցերուն լուծումը պէտք է առաջնահերթ ըլլայ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին իրավիճակը բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է բնակարանային վարձքերու դրութիւնը եւս վաւերացնել` այդ թղթածրարը լրջօրէն սերտելէ ետք:

«Անհրաժեշտ է արդարութեան ոգին պսակել ազգային արժանապատուութեան ոգիին հետ», ըսաւ նախագահ Սլէյման` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի վերահիմնելու իր տնտեսութիւնը: Ան շեշտեց, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը իր տարած այս աշխատանքին համար քաջալերանքի արժանի է:

Նախորդը

Զօր. Աուն. «2013-ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը Խորհրդարանին Յանձնելու Ժամկէտը Յարգելը Անհրաժեշտ Է»

Յաջորդը

«Եթէ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցը Չլուծուի, Լիբանանի Մէջ Թուրքերը Իրենք Զիրենք «Հիւրեր» Թող Նկատեն» Շեշտեց Շէյխ Զղէյպ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.