Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բժշկագիտական. Մարդկային Մորթէն Վերցուած Բջիջները Տարրալուծարանին Մէջ Կը Վերածուին Սրտի Մկանի Առողջ Ու Մատղաշ Բջիջներո՞ւ…

August 7, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Վերջերս խումբ մը մասնագէտներ առաջին անգամ ըլլալով յաջողած են վերցնել սրտի տկարութիւն ունեցող մարդոց մորթի բջիջներէն եւ զանոնք տարրալուծարանին մէջ վերածել սրտի մկանի առողջ բջիջներու:

Նշեալ արհեստագիտութիւնը ցարդ փորձարկուած է առնէտներու վրայ, սակայն տակաւին անհրաժեշտ է նուազագոյնը տասը տարի` նախքան զայն մարդոց վրայ փորձարկելը:

Մասնագէտները նորագոյն փորձարկումներէն ձեռք ձգուած խոստմնալից արդիւնքները կարեւոր յառաջխաղացք նկատած են` տարբեր հիւանդութիւններու պատճառով վնասուած հիւսկէններ առողջ բջիջներով փոխարինելու կապակցաբար ցարդ տարուած ջանքերուն մէջ:

Մասնագէտները իրենց փորձարկումներուն մէջ հետեւած են այլ ուսումնասիրութիւններէ ձեռք ձգուած յատուկ մեթոտի մը, որուն մէջ բջիջներ վերցուած են հիւանդին մարմնին տարբեր բաժիններէն եւ յատուկ ծիներու ու քիմիական նիւթերու «խառնուրդ» մը ներարկուած է այդ բջիջներուն կորիզներուն մէջ: Նշեալ «խառնուրդը» վերածրագրած է այդ բջիջները` այդպիսով վերածելով զանոնք առողջ ու մատղաշ մայր բջիջներու:

Նորածինի Մը Սրտի Բջիջներուն
Համազօր
Եղող Բջիջնե՞ր…

Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները մորթի բջիջներ վերցուցած են սրտի տկարութենէ տառապող երկու տղամարդոցմէ, որոնց տարիքը եղած է յիսունմէկ եւ վաթսունմէկ: Ապա անոնք տարրալուծարանին մէջ վերածրագրած են նշեալ բջիջները` երբեք ծիներ ու Վալփորիք կոչուած թթուին մասնիկները ներարկելով անոնց կորիզներուն մէջ: Նշեալ ներարկումէն ետք ձեռք ձգուած են բջիջներ, որոնք յարնման եղած են առողջ ու մատղաշ սրտի մկանի մայր բջիջներուն:

Նշեալ բջիջները ցանուած են զոյգ տղամարդոց սրտի մկանին հիւսկէններէն վերցուած կտորներու հետ եւ ատեն մը ետք բաւարար աճելէ ետք պատուաստուած են առողջ մուկերու սրտին մէջ, ուր շարունակած են ողջ մնալ եւ կապեր յառաջացնել զիրենք շրջապատող սրտի հիւսկէններուն հետ:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտ Լայոր Կեփսթայն ըսած է, թէ ուսումնասիրութեան մէջ հետաքրքրական նորութիւնը ա՛յն եղած է, թէ կարելի եղած է ցոյց տալ, թէ յառաջացած տարողութեամբ սրտի տկարութիւն ունեցող տարեց մարդոցմէ վերցուած մորթի բջիջները տարրալուծարանին մէջ վերածուած են առողջ ու մատղաշ սրտի մայր բջիջներու:

Պէտք է նշել նաեւ, թէ նկատի ունենալով, որ սրտի մկանի մայր բջիջներու վերածուած բջիջները վերցուած են նոյնինքն հիւանդի մորթի բջիջներէն, ապա մասնագէտները հաւանական գտած են, թէ անոնք իբրեւ օտար բջիջներ պիտի չնկատուին նշեալ մարդոց մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին կողմէ եւ, հետեւաբար, պիտի ոչնչացուին այդ համակարգին բջիջներուն կողմէ: Միւս կողմէ, սակայն, տակաւին ամբողջութեամբ յստակ չէ, թէ արդեօք միեւնոյն հիւանդէն վերցուած ու սրտի մկանի մայր բջիջներու վերածուած մորթի բջիջները իբրեւ ծանօթ բջիջները պիտի նկատուի՞ն մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին կողմէ, երբ հետագային պատուաստուին նոյնինքն հիւանդին մարմնին մէջ, թէ՞ ոչ:

Մասնագէտ Կեփսթայն նշած է, թէ ուսումնասիրութեան այս հանգրուանին կարելի չէ յստակացնել վերոնշեալ երեւոյթը` նկատի ունենալով, որ մարդկային սրտի մկանի մայր բջիջներու վերծուած մորթի բջիջները ցարդ պատուաստուած են միայն առնէտներու մարմնին մէջ: Այսուհանդերձ, մասնագէտները առնէտներուն մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին աշխուժութիւնը կասեցնող դեղահատեր գործածած են, որպէսզի պատուաստուած բջիջները օտար չնկատուին առնէտներուն մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին կողմէ:

Մայր Բջիջներու Բազմակողմանի
Դերակատարութիւն

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններու մէջ կարելի եղած էր վերածրագրուած կորիզով առողջ ու մատղաշ սրտի մայր բջիջներ ձեռք ձգել առողջ ու երիտասարդ մարդոցմէ, սակայն ոչ` տարեց ու հիւանդ մարդոցմէ: Նաեւ նախապէս մասնագէտներ չէին կրցած ցոյց տալ, որ սրտի բջիջներու վերածուած վերածրագրուած կորիզով բջիջները կրնան կապեր յառաջացնել զիրենք շրջապատող սրտի հիւսկէններուն հետ` այս վերջիններուն մէջ պատուաստուելէ ետք:

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտներ նախաձեռնած են մարդկային մարմնին տարբեր բջիջները մայր բջիջներու վերածելու աշխատանքին` շաքարախտը, ինչպէս նաեւ Փարքինսընի ու Ալցայմըրի հիւանդութիւնները դարմանելու նպատակով: Ծանօթ է արդէն, որ մայր բջիջները կարողութիւնը ունին վերածուելու տարբեր տեսակի բջիջներու, ինչ որ կը նպաստէ վնասուած հիւսկէններու եւ կամ օրկաններու դարմանումին:

(Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի. Պի. Սի.» եւ «Ա. Էֆ. Փէ.»)

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 7 Օգոստոս 1962 )

Յաջորդը

Բժշկագիտական. Լօռերուն Պարունակած Մանրէներուն Բնախմորները Կրնան Կասեցնել Ակռաներուն Փտելու Գործընթացը….

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.