
Թրքական «Այտընլըք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը պահանջէ երկրէն արտաքսել Ատանայի մէջ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր հիւպատոս Տարիա Տերնելլին:
Կուսակցութիւնը կը պնդէ, որ ամերիկացի դիւանագէտը կը գլխաւորէ նախապատրաստութեան հոլովոյթը սուրիացի ահաբեկիչներու, որոնք կը մեկնին Սուրիա` Ասատի վարչակարգին դէմ պայքարելու:
Կուսակցութիւնը նաեւ կոչ ուղղած է փակելու Ատանայի մէջ Միացեալ Նահանգներու հակաօդային պաշտպանութեան Ինճիրլիք զօրակայանը, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու համար Ալեքսանտրէթի եւ Քիլիսի մէջ կառուցուած ճամբարները, ուր եւս կը պատրաստուին ահաբեկիչները:
«Եղբայրական Սուրիոյ ներքաղաքական իրավիճակը ապակայունացնող ահաբեկիչները կը պատրաստուին ամերիկեան ռազմակայանին մէջ: Յայտնի է, որ անոնք (ամերիկացիք) Ատանայի մէջ շուրջ հինգ հազար ահաբեկիչ պատրաստած եւ Սուրիա ուղարկած են: Այդ աշխատանքները Ատանայի մէջ կը ղեկավարէ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսը», ըսած է կուսակցութեան փոխնախագահ Հասան Պասրի Էօզպէյ:
Նախապէս տեղեկութիւն տարածուած էր, թէ Ատանայի մէջ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի ջանքերով ստեղծուած է գաղտնի ռազմակայան, ուր սուրիացի ապստամբները կը մարզուին:


