Պատրաստեց ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ստամոքսին մէջ գտնուող սննդանիւթերու եւ ստամոքսին արտադրած հեղուկներու ուժգին թափով բերանէն արտահանումը, որ կը պատահի ստամոքսի կծկումներով, կը կոչուի փսխել, իսկ փսխումի պարունակութիւնը կը կոչուի փսխունք:
Փսխունքը կրնայ պարունակել` կլլուած եւ չմարսուած սննդանիւթեր եւ հեղուկներ, ստամոքսի հեղուկային արտադրութիւններ, ինչպէս նաեւ` արիւն:
Փսխելու գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ փորի մկաններու ակամայ պրկումներով եւ որկորի վերջաւորութեան ու ստամոքսի սկզբնաւորութեան գտնուող մկաններու ակամայ թուլացումով: Այս մկաններու պրկումները եւ թուլացումները կը հակակշռուին ուղեղի փսխելու կեդրոնով:
Նողկանքը կամ սիրտխառնուքը փսխելու անհաճոյ զգացումն է: Իսկ փսխելու անհաճոյ իրավիճակին դրսեւորումը կը կոչենք նողկալ: Նողկանքը այն զգացումն է, որ ստամոքսը կ՛ուզէ ինքզինք պարպել:
Փսխունքը կ՛արտահանուի ընդհանրապէս նողկանքէն ետք կամ անոր հետ միասին:
Որկորաստամոքսային յետադարձութիւնը զատորոշուելու է փսխելէն: Յետադարձութեան պարագային ստամոքսի պարունակութենէն մաս մը կամաց-կամաց կ՛ուղղուի դէպի որկոր ու կը հասնի ըմբան եւ բերան: Անիկա կը պատահի առանց նողկանքի եւ առանց փորի մկաններու պրկումին:
Փսխել եւ նողկանք կը պատահին զանազան պատճառներով եւ որպէս հակադարձութիւն կամ հակազդեցութիւն` որոշ գրգռիչ ազդակներու: Այս ազդակները կը գրգռեն ուղեղի փսխելու կեդրոնը, որ անմիջապէս կը հրահանգէ փորի, որկորի եւ ստամոքսի մկաններուն, որպէսզի հակադարձեն գրգիռներուն եւ յառաջացնեն նողկանք եւ փսխել:
Հետեւաբար նողկանք եւ փսխել հիւանդութիւններ չեն, այլ որոշ հիւանդութիւններու ախտանշաններ են:
Փսխել եւ նողկալ կը յառաջանան հետեւեալ հիւանդագին իրավիճակներով.
Ա. Ստամոքսա-աղիքային հիւանդութիւններ.
1.- Ստամոքսի ցպկային կամ ժահրային սուր բորբոքումներ, որոնց կ՛ուղեկցին նաեւ փորի ցաւ եւ ջերմ:
2.- Ստամոքսի եւ տասներկումատնեայի խոց եւ լաւորակ կամ վատորակ ուռեր:
3.- Տասներկումատնեայի խցում:
4.- Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն:
5.- Մեծ քանակութեամբ ալքոլի եւ ոգելից ըմպելիներու սպառում:
6.- Որոշ դեղերու գործածութիւն:
7.- Կերակուրներու պարունակած մանրէներէ թունաւորում:
8.- Նեխած կերակուրներէ թունաւորում:
9.- Գիտակցաբար եւ կամ անգիտակցաբար թունաւոր նիւթերու կլլում:
10.- Զանազան պատճառներով բարակ աղիքներու խցում, որ կը յառաջացնէ նաեւ փորի ուռուածութիւն:
11.- Բարակ աղիքներու բորբոքում, ծոց եւ ծոցաբորբ:
Բ. Արտաստամոքսա-աղիքային հիւանդութիւններ.
1.- Լեղուցի բորբոքում եւ քարեր, որոնց հետ միասին տեղի կ՛ունենայ ջերմ, դեղնութիւն եւ ցաւ:
2.- Յղութիւն, մասնաւորապէս` յղութեան առաջին երեք ամիսներուն:
3.- Մարմնական զանազան տեսակի բորբոքումներ:
4.- Շողարձակումի ենթակայութիւն:
5.- Խլիրդի դեղադարմանում եւ Ք ճառագայթային դարմանում:
6.- Յառաջացած շաքարախտ:
7.- Մարմնական զանազան տեսակի խլիրդներ:
8.- Ուղեղային գերճնշում, քաղցկեղ եւ հարուած:
9.- Ուղեղատապ եւ ուղեղապատի բորբոքում:
Վերոյիշեալ երկու պարագաներուն ենթական կ՛ունենայ նաեւ գլխու ցաւ, մտային խանգարում եւ տեսողական խանգարում-տկարութիւն:
10.- Գլխացաւ, անգար, գլխու հարուած:
11.- Ներքին ականջի հաւասարակշռութեան կեդրոնի գրգռութիւն, բորբոքում եւ խանգարում: Ենթական կրնայ ունենալ նաեւ ականջաբզզիւն եւ լսողութեան տկարացում:
12.- Գլխապտոյտ:
13.- Միջին ականջի ցպկային կամ ժահրային բորբոքում:
14.- Արեւահարութիւն:
15.- Երիկամի քար, երիկամաբորբ, երիկամի աւազանի բորբոքում:
16.- Թոքատապ:
17.- Սրտի կաթուած:
18.- Ընդհանուր թունաւորում, որ կը պատահի դեղերէ, քիմիական նիւթերու եւ կազերու պատճառով:
19.- Մշտաքաղցութիւն-շատակերութիւն:
20.- Ջրանուազում:
Գ. Հոգեբանական հիւանդութիւններ եւ հոգեվիճակներ, որոնց պատճառով հիւանդներ կ՛ունենան`
1.- Ակամայ նողկանք եւ փսխել: Այս երեւոյթը առաւելաբար կը տեսնուի ճնշուածութենէ եւ անձկութենէ տառապողներու մօտ:
2.- Կամաւոր փսխել, որ կ՛իրականանայ զանազան միջոցներով:
Նողկանք եւ փսխել կը պատահին որեւէ մէկ տարիքի:
Համաձայն հիմնական պատճառներուն, անոնք կրնան ըլլալ`
1.- Սուր-անակնկալ եւ անցողակի:
2.- Երկարատեւ` մնայուն կամ ընդմիջումներով:
Սուր եւ զօրաւոր փսխելը կը յառաջացնէ ջրազրկում: Մանուկներու մօտ յառաջացած ջրազրկումը կրնայ ստեղծել մտահոգիչ կացութիւն մը:
Երկարատեւ փսխելը կը յառաջացնէ մարմնական տկարութիւն, ջրազրկում եւ կշիռքի կորուստ:
Երկարատեւ փսխող անձը ենթարկուելու է արեան, մէզի եւ փսխունքի տարրալուծարանային զանազան քննութիւններու, ինչպէս նաեւ` Ք ճառագայթային նկարահանումներու եւ ստամոքսադիտակումի, որպէսզի ախտաճանաչուի ենթակային հիմնական հիւանդութիւնը եւ ըստ այնմ կատարուի անոր դարմանումը:
Նողկանքի դարմանումը կ՛ըլլայ յատուկ հականողկանքի դեղերով:
Փսխելու դարմանումը պայմանաւորուած է անոր տարողութենէն: Անցողակիի պարագային, հիւանդին կը խմցուի առատ հեղուկ: Երկարատեւ-մնայունի պարագային, հիւանդին կը տրուին ներերակային հեղուկներ եւ կը դարմանուի հիմնական հիւանդութիւնը:
Փսխող անձը բժիշկի խնամքին պէտք է դիմէ, երբ ան`
1.- Փսխէ 24 ժամէ աւելի:
2.- Ջրազրկումի նշաններ ունենայ:
3.- Բարձր ջերմ եւ զօրաւոր ցաւ ունենայ:
4.- Արիւնախառն փսխունք ունենայ:


