Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՍՓՌԱԾ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՃՇԴԵՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ԱԼԻ ԱԼԻ

April 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Սուրիոյ պատկերասփիւռի կայանին կողմէ հրապարակուած ահաբեկչական բջիջի մը անդամներուն խոստովանութիւնները, որոնք կը վերաբերէին լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ սուրիացի քաղաքացիներու զինման ամբաստանութիւններուն, լուրջ են եւ անհրաժեշտ է, որ այդ թղթածրարին մասին լիբանանեան իշխանութիւնները իրենց խօսքն ու կեցուածքը ունենան` պահպանելու համար երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները եւ եղբայրական կապերը:

Դեսպան Ալի նշեց, որ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահը ամբաստանող այդ խոստովանութիւնները խիստ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն` աւելցնելով, որ Սուրիա պէտք չունի լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն մօտ բողոքելու կամ իր փաստերը անոր տրամադրութեան տակ դնելու, որովհետեւ սուրիական պատկերասփիւռի կայանին կողմէ նման խոստովանութիւններու սփռումը բաւարար է, որ լիբանանցի պատասխանատուներ ինքնաբերաբար քայլ առնեն այդ հարցին ուղղութեամբ:

Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ սփռուած խոստովանութիւնները պարզ ներածականներ են շարք մը այլ յայտարարութիւններու, փաստերու եւ արկածներու, որոնք կը փաստեն, թէ լիբանանեան որոշ կողմեր ուղղակի միջամուխ դարձած են սուրիական ներքին հարցերուն եւ սադրանքներ հրահրած: Ան նշեց, որ պէտք է երկու երկիրներուն մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանել, որովհետեւ անոնք իրարմէ կախեալ են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն:

Ալի ընդգծեց, որ պատկերասփռուած խոստովանութիւնները շատ վտանգաւոր են այն իմաստով, որ անոնք կը հակադրուին Թաէֆի համաձայնագիրին եւ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ իր նիստը գումարեց` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը պատասխանեց Մուսթաքպալ հոսանքի հրապարակած հաղորդագրութեան` նշելով, որ Սուրիոյ կողմէ սփռուած տեղեկութիւնները պարզապէս նմուշ մը կը նկատուին այն միջամտութիւններէն, զորս Մուսթաքպալ կը կատարէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն մէջ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի հաղորդագրութիւնը Մուսթաքպալ հոսանքին թելադրեց հետեւեալը. «Եթէ տունդ ապակիէ շինուած է, ուրիշին տունը մի՛ քարկոծեր»:

«ՊԻՆԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով սուրիական աղբիւրներէ, յայտնած է, որ սուրիական իշխանութիւնները լուրջ եւ խիստ վերաբերում պիտի ցուցաբերեն Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած ապահովական բջիջին խոստովանութիւններուն առումով` հաստատելով միաժամանակ որ իրենք Լիբանանի պատասխանատուներէն հակազդեցութեան մը կը սպասեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ եթէ Սուրիոյ սփռած խոստովանութիւնները ճշգրիտ են, ապա ան պէտք է լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն ներկայացնէ իր փաստերը: Միւս կողմէ, Մուրապիթուն շարժումի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Սուրիա անհրաժեշտ փաստերն ու ապացոյցները ունի Սուրիոյ մէջ Մուսթաքպալի գործած աւերներուն մասին: Ան աւելցուց, որ Դամասկոս յարմար պահուն պիտի հրապարակէ այդ փաստերը:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ. ՊԱՊԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.