Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին Ֆրանսայի պատուիրակ Մարլան Միլիթելօ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն պաշտպանութեան շուրջ հարցում մը ուղղած է:
Էրտողան ֆրանսացի պատուիրակը Թուրքիա հրաւիրած է, որպէսզի վերջինս իր աչքերով տեսնէ հարցումին պատասխանը, միաժամանակ, իբրեւ օրինակ նշած է Աղթամարի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցին` նշելով, որ եկեղեցին վերանորոգուած է Թուրքիոյ կառավարութեան ֆինանսաւորումով:


