Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ. ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ՕԹԱՆ-ԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՄԻՍՐԱԹԱՅԻ «ՋԱՐԴԸ» ԱՐԳԻԼԵԼ

April 15, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ամր Մուսա եւ Պան Քի Մուն

Լիպիացի ըմբոստները երէկ ՕԹԱՆ-եան յաւելեալ օդային հարուածներ պահանջեցին` յայտնելով, որ իրենք Մոամմար Քազզաֆիի ուժերուն կողմէ շրջափակուած եւ շարունակ հրետանիով ռմբակոծման ենթակայ Միսրաթայի մէջ ջարդ մը կը դիմագրաւեն: Սակայն դաշնակից ուժերը օդային հարուածներուն շուրջ իրարու հետ վիճեցան:

Ըմբոստները յայտնեցին, որ «Կրատ» տիպի հրթիռներով ռմբակոծումները երէկ պատճառած են 23 քաղաքային զոհ, որոնցմէ 5-ը` եգիպտացիներ: Զոհերուն շարքին են կիներ եւ մանուկներ: Մարդասիրական օժանդակութեան կազմակերպութիւնները Միսրաթայի մէջ մարդասիրական աղէտէ մը կը զգուշացնեն:

Լիպիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Խալետ Քայիմ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութեան անդամներ կը մասնակցին Միսրաթայի բախումներուն: Քայիմ աւելցուց, որ հիմնականին մէջ Հըզպալլայի մարտիկները արձակազէններ են: Հըզպալլա հերքեց Քայիմի յայտարարութիւնները` զանոնք նկատելով անճիշդ տեղեկութիւններ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Պերլինի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի ժողովի մը ընթացքին Միսրաթայի մէջ «վայրագութեանց» նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց, սակայն որեւէ ակնարկութիւն չըրաւ, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է օդային հարուածներուն վերստին մասնակցելու: Քլինթըն ՕԹԱՆ-ի մէջ տեղի ունեցող վէճերուն նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնելով ըսաւ, որ ՕԹԱՆ Քազզաֆիի դէմ «վճռակամութիւն եւ միասնականութիւն» պէտք է ցուցաբերէ:

Միւս կողմէ, Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէ մը ետք ՕԹԱՆ-ի օդային հարուածներուն նկատմամբ դժգոհութիւն արտայայտեցին եւ կոչ ուղղեցին երկամսեայ քաղաքացիական պատերազմին վերջ տալու:

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա եւ Ափրիկեան միութենէն ու Իսլամական երկիրներու կազմակերպութենէն պաշտօնատարներ երէկ Գահիրէի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին Պան Քի Մուն եւ Ամր Մուսա կոչ ուղղեցին Լիպիոյ մէջ անմիջապէս զինադուլ հաստատելու եւ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու: Էշթըն իր կարգին յայտնեց, որ հանդիպումին մասնակիցներուն մօտ Լիպիոյ տագնապը շուտով լուծելու վճռակամութիւն մը նշմարած է: Նշենք, որ մինչ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Գահիրէի մէջ յայտարարեց, որ բախումները որքան երկարին` քաղաքական լուծում մը այդքան աւելի դժուար կ՛ըլլայ, Քլինթըն Պերլինի մէջ յայտարարեց, որ Քազզաֆիի իշխանութենէն հեռանալէն առաջ քաղաքական արդիւնաւէտ փոխանցում մը չի կրնար տեղի ունենալ:

Լիպիոյ ըմբոստներու բանբեր Մահմուտ Աուատ Շամմամ յայտնեց, որ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդը տագնապի լուծման Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնը դրականօրէն կ՛ընկալէ, սակայն անոնք պէտք է կախարդական բառը ըսեն. «Քազզաֆի պէտք է մեկնի»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Տոհայի մէջ Լիպիոյ վերաբերող վեհաժողովին ընթացքին յայտնած էր, որ Լիպիոյ մէջ քաղաքական փոփոխութիւնը լիպիացի ժողովուրդին պահանջները բաւարարելու համար խաղաղ կերպով պէտք է իրագործուի:

Լիպիական կառավարութեան բանբեր Մուսա Իպրահիմ քննադատեց Արեւմուտքի «գաղութատիրական մտածելակերպը»` մեծ պետութիւնները ամբաստանելով Լիպիոյ վրայ քաղաքական փոփոխութիւն պարտադրել փորձելու յանցանքով:

Հետաքրքրական այլ զարգացումով մը` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտարարեց, որ իր երկիրը ներկայիս ըմբոստները զինելու գաղափարին չի զօրակցիր: Նշենք, որ Թուրքիա եւս դէմ է այդ գաղափարին:

Աւելի ուշ, մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ չորս պայթումի ձայներ լսուեցան, մինչ ՕԹԱՆ-եան օդանաւեր թռիչք կը կատարէին Թրիփոլիի վերեւ:

 

Նախորդը

ԵՄԷՆԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺԵԼՈՎ ՍԱԼԵՀԻ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԺԱՄԿԷՏ ԿԸ ՃՇԴԷ

Յաջորդը

ՍՈՒՐԻՈՅ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.