
Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ լիբանանեան բանակին դէմ բախումներուն յանցանքով ձերբակալուած եւ փախուստ տուած յանցագործներուն դատավարութեան շրջագիծին մէջ, դատաւոր Ղասսան Օուէյտաթ երէկ 88 հոգի մահապատիժի դատապարտեց, իսկ 126 հոգի ազատ արձակեց:
Միւս կողմէ, դատաւոր Տանիէլ Ֆրանսին յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դատավարութիւնը սկզբունքով պիտի սկսի յառաջիկայ 25 մարտ 2013-ին:


