Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՏԱԿԱՒԻՆ ՈՉԻՆՉ ԻՄԱՑԱՆՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

April 13, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն` նախագահելէ ետք համախմբումին ընթացիկ նիստին, երէկ Ռապիէի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց ծիրին մէջ նշեց, թէ «հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց ենթահողը եւ նկատեցինք, թէ եւրոպական երկիրներու կեցուածքներուն պարագային հակասութիւններ կան` իրենց երկիրներուն եւ մեր երկիրներուն մէջ անոնց տեսակէտներուն պարագային»:

Զօր. Աուն  յայտնեց, որ թէեւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան մասին լուրջ մտահոգութիւն կայ, սակայն այդ իրադարձութիւնները իրեն համար սեւ ամպեր են ու կ՛անցնին:

«Կարեւորը այն է, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը լիբանանեան արտադրութիւն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ` տեղական ուժերուն կամքով», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով բանտերուն մէջ տիրող իրավիճակին` զօր. Աուն յայտնեց, որ կան հարցեր, որոնց կարելի էր նախապէս լուծում գտնել` աւելցնելով, որ եթէ պետութիւնը անկարող է 25 արգելափակեալ Արդարութեան պալատ փոխադրել` զանոնք դատավարութեան ենթարկելու համար, ապա այդ մէկը իսկական փորձանք մըն է:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին խօսելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք այդ մասին նորութիւններն ու յառաջդիմութիւնները երէկուան օրաթերթերէն կարդացած ու իմացած է, սակայն գետնի վրայ ինք ոչինչէ տեղեակ է:

Ան նշեց նաեւ, որ կարդացած է այն հաւանականութեան մասին, որ եթէ զօր. Աուն համաձայն գտնուի, ապա կառավարութիւնը կը կազմուի: «Կարծէք անոնք սկիզբէն կը փորձեն գտնել ուժ մը կամ քաղաքական կողմ մը, որ որեւէ ձախողութեան պարագային զայն պատասխանատու նկատեն», ըսաւ զօր. Աուն` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ իրավարարի դերակատարութիւն ունենայ:

«Ինչո՞ւ մենք կ՛ուզենք նախագահին տալ նախարարներ եւ ոչ 30 նախարար», հարց տուաւ ան` ըսելով, որ համախմբումի նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն կողմէ «Ուիքիլիքս»ի սպրդեցուցած յայտարարութիւններուն պատասխանատուութիւնը ինք ստանձնած է, «սակայն ո՞վ կը ստանձնէ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Մըրի կատարած յայտարարութիւններուն պատասխանատուութիւնը, ո՞վ կը ստանձնէ ներքին գործոց նախարարութեան բացթողումները` սկսելով բանտերուն թղթածրարէն, հասնելով մինչեւ յարանուանական պատկանելիութեան ապօրինի փոխանցումները», հարց տուաւ ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը շեշտեց, որ իրեն համար տակաւին ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է կառավարութեան կազմութեան առումով:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ինք պահանջներ չունի եւ պաշտօններ չի մուրար, այլ` ունի իրաւունքներ եւ զանոնք կը պահանջէ` ըստ երկրին սահմանադրութեան եւ ազգային միասնականութեան ուխտին:

Պքերքէի մէջ երեքշաբթի օրուան միջմարոնիական հանդիպումին ընթացքին արծարծուելիք հարցերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն ըսաւ, որ այդ հանդիպումին հրաւիրած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ ան է, որ պիտի ճշդէ այն հարցերը, որոնց մասին քննարկումներ պիտի կայանան:

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՒ ՀԱՐԱՒ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ԵՒ ԱՄԱԼ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԴԱՇԻՆՔ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.