Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. 13 ԱՊՐԻԼԻ ԴԱՍԸ` ԱՄԲՈՂՋ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

April 13, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան հերթական նշումը այս տարի կը կատարուի շրջանային տարողութեամբ բաւական բարդ իրավիճակի մէջ: Քաղաքացիական ընդհարումներ արաբական տարբեր երկիրներու մէջ կը գրաւեն աշխարհի ուշադրութիւնը: Միջհամայնքային լարուածութիւններ, լարուած ենթահողի վրայ նուազագոյն առիթի պատճառած բռնկումներ, այլուր` ուղղակի հասարակութեան բաժանումներ, իշխանամէտներու եւ ապստամբներու միջեւ ծանր բախումներ եւ մասամբ նորին, կու գան համոզելու դիպաշարին հետեւողները, որ անորոշ հեռանկար մը պարզուած է ամբողջ շրջանին համար:

Արաբական աշխարհի տարածքին արձանագրուող իրադրութիւնները կ՛ընդգծեն, որ Լիբանանը միակ երկիրը չէ, որ կը կրէ աշխարհաքաղաքական ուժերու ուղղակի ազդեցութիւնները, որոնք յաճախ բաժանարար հետեւանքներ կ՛ունենան եւ այդ ճամբով ազդեցութեան գօտիներու ձեւաւորման եւ տարածման գործընթացներուն կը նպաստեն լիովին: Լիբանանեան օրինակը փաստօրէն չէ կրցած ուսանելի դասեր փոխանցել արաբական երկիրներուն, որոնք յայտնուած են գերտէրութիւններու ուղղակի ազդեցութեան դաշտին վրայ:

Լիբանանեան քաղաքական հրապարակը յատկապէս եւ հասարակութիւնը ընդհանրապէս քաղաքացիական պատերազմի հերթական նշումը ներքին առումով եւս կը կատարեն բարդ պայմաններու մէջ: Վերստին բեւեռացած է քաղաքական դաշտը: Նոր նշանակուած վարչապետը ցարդ չէ յաջողած կազմել կառավարութիւն, մինչ քաղաքական մէկ բեւեռը որոշած է արդէն մերժել կառավարութեան կազմին մասնակցութիւնը եւ այդ եղանակով պոյքոթել անոր աշխատանքները: Կարծր հռետորաբանութիւնը վերադարձած է յայտարարողական ոլորտ եւ փոխադարձ մեղադրանքներու անիմաստ տեղատարափը կը շարունակուի անարգել:

Մինչդեռ, քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան նշումի օրը, մանաւանդ շրջանային եւ տեղական ա՛յս պայմաններուն մէջ, պէտք է առիթ հանդիսանայ վերահաշուարկելու ամէն քայլ, ամէն մօտեցում: Վերահամոզուելու համար, որ միջհամայնքային համակեցութեան վրայ հիմնուած լիբանանեան պետական եւ քաղաքական համակարգը կը բանի միայն այն ատեն, երբ տիրական են փոխադարձ վստահութիւնը, համայնքներու իւրայատկութիւններու յարգումը, ժողովրդավար օրինաչափութիւններու լիարժէք կատարումը: Երբ կողմերը կարենան գերադասել համալիբանանեան շահերը հատուածայնութենէն եւ անդրադառնալ, որ արձանագրուող ընթացքները չեն կրնար կերտել լիբանանցի ազգը:

Լիբանանը շատ սուղ վճարեց 13 ապրիլով սկսած իր քաղաքացիներու ոդիսականին գինը: Քաղաքական տագնապի վերաբռնկումները կը յուշեն, որ տխրահռչակ թուականը չէ յաջողած տակաւին ուսանելի դասեր փոխանցել Լիբանանի քաղաքացիներուն: 13 ապրիլը այս անգամ սոսկ լիբանանցիներուն պատգամ չի փոխանցեր: Դժբախտաբար` ամբողջ արաբական աշխարհին:

«Ա.»

Նախորդը

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.