
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրք քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ թրքական թերթերէն մէկուն մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ յայտնած է, որ Թուրքիոյ համար բնաւ դիւրին պիտի չըլլայ նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի օրերուն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման պատճառով փճացած յարաբերութիւնները վերականգնելու համար Ֆրանսայի նոր իշխանութեան հետ նոր էջ բանալը:
«Ֆրանսուա Հոլլանտի` Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարեցին, որ նոր էջ կը բանան Փարիզի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Թուրքիոյ ղեկավարներուն կարծիքով, Թուրքիոյ Եւրոպայի մէջ ունեցած տեղի հարցին մէջ Հոլլանտ Սարքոզիի նման չի մտածեր եւ կը պաշտպանէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացումը:
«Հոլլանտ դէմ չէ նաեւ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան: Հոլլանտ տակաւին հանդէս չէ եկած Թուրքիոյ դէմ որեւէ յայտարարութեամբ: Սակայն Հոլլանտի հետ կապուած շատ կարեւոր հարց մը կայ: Ատիկա Հայոց ցեղասպանութեան պնդումն է: Հոլլանտ երկար տարիներ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հաւատացած քաղաքական գործիչ է, եւ թուրք իրաւասուներու հետ իր հանդիպումներուն մէջ երբեք չէ ծածկած այդ դիրքորոշումը:
«Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը պէտք է նկատի ունենայ, որ նոր էջ բանալու ժամանակ այս իրողութիւնը պէտք չէ անտեսէ, որպէսզի ետքը դարձեալ յայտարարէ, թէ Ֆրանսա «թուրքերուն դաւաճանեց»: 2015-ը մօտենալուն հետ, այս գործը այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ: Այդ ժամանակ Թուրքիան կա՛մ պէտք է ձեւացնէ, թէ ոչինչ պատահած է, կա՛մ ալ` դարձեալ վերադառնայ նախկին օրերուն», կը գրէ Պիրանտ:


