
Եգիպտոսի ընտրական յանձնախումբի նախագահ Ֆարուք Սուլթան երէկ յայտարարեց, որ Եգիպտոսի Բ. հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է Իսլամ եղբայրներու թեկնածու Մոհամետ Մուրսի` ապահովելով քուէներուն 51.73 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակից Ահմետ Շաֆիք ստացած է քուէներուն 48.27 առ հարիւրը: Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան 2-րդ հանգրուանի մասնակցութեան համեմատութիւնը 51.73 առ հարիւր էր:
Արդիւնքներու յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած Մուրսիի համակիրները սկսան անոր յաղթանակը տօնել, իսկ Շաֆիքի հետեւորդ շրջանակները արդիւնքէն զայրացած Գահիրէի կարգ մը շրջաններուն մէջ անկարգութիւններ կատարեցին եւ ճամբաներ փակեցին: Եգիպտական բանակը Նասր քաղաքին մէջ միջամտեց` Մուրսիի եւ Շաֆիքի համակիրներուն միջեւ բախումները կասեցնելու համար:
Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ղեկավար Մարաջախտ Թանթաուի Մուրսիի հետ հեռաձայնային կապի մէջ մտնելով շնորհաւորեց զինք` նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելուն առիթով: Անոր ընտրութիւնը շնորհաւորեց նաեւ Պաղեստինեան իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ պաղեստինեան լուծարեալ կառավարութեան ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ: Համաս շարժումի ղեկավարներէն Մահմուտ Զահհար Մուրսիի նախագահ ընտրուիլը նկատեց «պատմական պահ մը եւ մեծ յաղթանակ մը»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մուրսիի նախագահ ընտրութեան առիթով շնորհաւորեց եգիպտական պետութիւնը: Ամր Մուսա շնորհաւորելով Մուրսին անոր կոչ ուղղեց` ներազգային հաշտութիւն գոյացնելու:
Արդիւնքի յայտարարութենէն ետք Իսլամ եղբայրներ շարժումը յայտարարեց, որ Մոհամետ Մուրսիի շարժումին անդամակցութիւնը վերջ գտած է:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ողջունեցին Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան արդիւնքը` նշելով, որ կը յարգէ եգիպտացի ժողովուրդին ընտրանքը: «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ Մուրսիի յաղթանակէն ետք Եգիպտոսի մէջ դէպքերու ընթացքին պիտի սպասէ, իսկ Քնեսեթի անդամ Պեն Արի նշեց, որ «Մուրսիի յաղթանակը Եգիպտոսի հետ խաղաղութեան խաբկանքի դագաղին գամուած վերջին գամն է:


