Հրաւէրով ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ 14 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ` ներկայութեամբ աւելի քան 150 անձերու:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Անի Գելխաչերեան, որ դիտել տուաւ, թէ հաւաքին նպատակն է ներկաներուն ծանօթացնել ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը:
Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց մեծաթիւ ներկայութեան համար եւ նկատել տուաւ, որ նախաճաշին մասնակցելու հրաւէր ուղղուած է ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան շրջանին մէջ գտնուող բոլոր ԼՕԽ-ականներուն` աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը իրականացաւ կոմիտէին հրաւէրով:
Այս առիթով ան մասնաճիւղի վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքին նեցուկ կը կանգնին: Այնուհետեւ Մակի Խաչերեան տեղեկութիւններ տուաւ ԼՕԽ-ի ծագումին, աշխատանքներուն, յանձնախումբերուն եւ գործունէութեան մասին, շեշտեց ԼՕԽ-ի շարքերուն միանալու եւ անոր ծաւալած բազմաբնոյթ գործունէութեան տարբեր ձեւերով օժանդակելու կարեւորութիւնը:
Ապա ներկաներէն 23 հոգի անդամագրուեցան ԼՕԽ-ի շարքերուն:


