Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հուրի Վարժապետեանի Զրոյց-Բանախօսութիւնը Միսաք Մանուշեանի Մասին

November 28, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 նոյեմբեր 2026-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-բանախօսութիւն մը, որուն ընթացքին Մարսէյէն ժամանած Հուրի Վարժապետեան խօսեցաւ «Միսաք Մանուշեան. դիմադրողի մը ուղին` որբանոցէն մինչեւ պանթէոն» թեմայով: Ձեռնարկը կազմակերպած էին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամպիոն»-ը եւ «Ազդակ» օրաթերթը:

Երեկոյին բացումը կատարեց Նարէ Գալեմքէրեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը, ինչպէս նաեւ Միսաք Մանուշեանի կենսագրական ուղին` որբանոցներէն մինչեւ Փարիզ, ապա` Համայնավար կուսակցութեան անդամակցութենէն մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հականացիական դիմադրութեան իր աշխուժ մասնակցութիւնը, ձերբակալումը եւ գնդակահարումը:

Երեկոն դասական դասախօսութիւն մը չէր: Անիկա զրոյցի ձեւով ընթացող հանդիպում մըն էր «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամպիոն»-ի տնօրէն Վահէ Թաշճեանի եւ օրուան հիւրին` Հուրի Վարժապետեանի միջեւ: Հարցումները մեծ մասամբ կեդրոնացած էին Վարժապետեանի նախաձեռնութեամբ վերջերս լոյս տեսած Միսաք Մանուշեանի անձնական տետրակներու հրատարակութեան վրայ` «Missak Manouchian: Carnets» (Parenthèses, 2026): Մեծ մասամբ հայերէնով գրուած անձնական այս թուղթերը Վարժապետեան խմբագրած, ֆրանսերէնի թարգմանած եւ հրատարակութեան պատրաստած է:

Բանախօսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Միսաքի կինը` Մելինէն, այս տետրակները յաջողած է դիմադրութեան տարիներուն պահել, ապա իրեն հետ տարած է Խորհրդային Հայաստան: Իսկ Մելինէի Ֆրանսա վերադարձէն ետք տետրակները Երեւանի մէջ ձեռքէ ձեռք անցած են, մինչեւ որ տեղ գտած են Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:

Վարժապետեան դիտել տուաւ, որ թէեւ Մանուշեանի ամբողջ կրթութիւնը սահմանափակուած է որբանոցային դպրոց յաճախելու ընդամէնը չորս տարիներով, բայց եւ այնպէս, ան հսկայական ճիգ թափած է ինքնադաստիարակութեան վրայ, իր կեանքին մէջ եղած է անյագ ընթերցող մը եւ իր անձնական թուղթերուն մէջ գոյութիւն ունին իր կարդացած գիրքերուն երկար ցանկերը: Փարիզի մէջ անոր նախասիրած գրադարանը եղած է Bibliothèque Sainte-Geneviève-ը, որ տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը կը գտնուի Պանթէոնի կողքին, այն վայրը, ուր 2024-ին պիտի փոխադրուէին Մանուշեանի աճիւնները:

Այնուհետեւ Վարժապետեան երկար կանգ առաւ Ֆրանսա հասած եւ գործարաններու մէջ աշխատած Մանուշեանի կեանքի ծանր պայմաններուն եւ օտարներու նկատմամբ ֆրանսական ընկերութեան մէջ տիրող խտրականութեան մթնոլորտին վրայ: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ աշխատաւորական կեանքի, յատկապէս գործարաններու մէջ աշխատանքի այս տարիներն են, որ շատ հաւանաբար Մանուշեանը մօտեցուցած են մարքսիստական գաղափարներուն: Ի վերջոյ, 1934-ին ան անդամակցած է Համայնավար կուսակցութեան:

Հականացիական դիմադրութիւնը, այս դիմադրութեան մէջ ականաւոր դէմք մը դառնալը, անոր գնդակահարութիւնն ու հերոսացումը բնականաբար հիմնական տեղ ունին Մանուշեանի կենսագրութեան մէջ: Վարժապետեան երկարօրէն անդրադարձաւ այս դրուագներուն, որոնք ի վերջոյ զինք առաջնորդեցին Փարիզի Պանթէոն մուտքին:

Վարժապետեան անդրադարձաւ նաեւ Մանուշեանի` Լիբանանի հետ ունեցած կապերուն: Գիտենք, որ մանուկ Միսաքը գտնուած է Ժիպէյլի եւ Ճիւնիի հայկական որբանոցներուն մէջ: Իսկ Փարիզ մեկնելէ ետք ալ ան կապ պահած է Լիբանան գտնուող որբանոցային կարգ մը ընկերներու հետ, ինչպէս նաեւ` իր սիրելի ուսուցիչներէն Գրիգոր Պողարեանի հետ: Մանուշեան այս անձերուն հետ կը թղթակցէր, իսկ Պողարեանի մասին ալ նոյնիսկ բանաստեղծութիւն մը գրած է:

Զրոյց-բանախօսութեան աւարտին բացուեցաւ հարցում-պատասխանի բաժինը: Ներկաներու բազմաթիւ հարցումները առիթ տուին, որ Հուրի Վարժապետեան նոր եւ հետաքրքրական լուսաբանութիւններ կատարէ Միսաք Մանուշեանի ուղիին եւ անոր պանթոնէացումի գործընթացին եւ արարողութեան վրայ:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Մակի Սողոմոնեան Մէկ Միլիոն Տիրհամ Կը Նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանին

RelatedPosts

Ութ Միաբան Հայրեր Մայրավանքին Մէջ Ստացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Տասը Աստիճաններ
Գաղութային

Ութ Միաբան Հայրեր Մայրավանքին Մէջ Ստացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Տասը Աստիճաններ

November 28, 2026
ԼՕԽ-ի Աշխատանքներու Ծանօթացում Եւ Անդամագրութիւն
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Աշխատանքներու Ծանօթացում Եւ Անդամագրութիւն

November 28, 2026
«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։