Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ութ Միաբան Հայրեր Մայրավանքին Մէջ Ստացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Տասը Աստիճաններ

November 28, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը մերօրեայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ հետզհետէ կը ծաւալի, մանաւանդ` երիտասարդ հոգեւորականներու իւրայատուկ ներդրումով եւ արդի մեթոտներու որդեգրումով ու կիրարկումով:

Արդարեւ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կիրակի, 22 նոյեմբեր 2026-ի առաւօտուն ժամը 9:00-ին մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուչութիւն` ձեռամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանի:

Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններ ստացան` Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան, Վաչէ վրդ. Պալըքճեան, Վիգէն վրդ. Տալգըլըճեան, Պսակ վրդ. Թէփիրճեան, Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, Զաւէն վրդ. Նաճարեան, Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան եւ Օշին վրդ. Չուալերթանեան:

Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին վարդապետները ծնրադիր հրաժարեցան հերձուածներէն եւ նզովեցին հերետիկոսները, ուստի ձեռնադրիչ սրբազան հօր աղօթքներով եւ աւետարանական ընթերցումներով  ընծայեալներուն շնորհուեցան Հայ եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետութեան տասը աստիճանները:

Հուսկ, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը արտասանեց իր քարոզը եւ նորոգ ձեռնադրեալներուն ուղղուած յորդորները` մեկնելով սաղմոսերգուին «Ուրախութեամբ ծառայեցէք Տիրոջ» խօսքէն: Ան ըսաւ, որ այս խօսքերով Դաւիթ մարգարէ կը ներկայացնէ Աստուծոյ ծառայութեան էութիւնն ու ոգին` ուրախութեամբ, սիրով եւ ամբողջական նուիրումով տոգորուած: «Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքի առաջնահերթութիւնն ու գերագոյն նպատակը Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրիլն է», ըսաւ ան եւ դիտել տուաւ, որ այս ուրախութիւնը մարդկային նիւթական չափանիշներով չի սահմանուիր: Մեսրոպ սրբազան յայտնեց, թէ օրուան բնաբանին ընտրութիւնը պատահականօրէն չէ եղած, այլ պերճախօս վկայութիւն է նորոգ ձեռնադրուած երիտասարդ պատուաբեր ու խոստմնալից միաբաններու նուիրաբերութեան, որովհետեւ անոնք իրենց հոգեւոր, մտաւորական ու եկեղեցական պատրաստութեամբ ծառայութիւն մատուցած են Հայ եկեղեցւոյ ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան յատկապէս եւ ըստ այնմ, կաթողիկոսին տնօրինումով, արժանացան ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու:

Բացատրելով ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն իմաստը` քարոզիչ սրբազան հայրը ընդգծեց, որ` «Անոնք պարզապէս պատուոյ տիտղոս կամ ուսումնական բարձրագոյն հանգամանքներ չեն, այլ` եկեղեցական ծառայութեան մէջ նոր փուլ, որ կը պահանջէ` աստուածաբանական խոր գիտելիքներ, մտաւորական հասունութիւն, հոգեւոր փորձառութիւն եւ հովուական պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն»: Ան վերասահմանեց ծայրագոյն վարդապետութեան առաքելութիւնը ներկայ դարուս մարտահրաւէրներուն դիմաց եւ ընդգծեց. «Ձեր առջեւ բացուած ծառայութեան այս նոր փուլը թող երբեք հպարտութեան առիթ չդառնայ, այլ` խոնարհութեան, նուիրումի եւ աւելի մեծ պատասխանատուութեան մղիչ ուժ: Ծայրագոյն վարդապետութիւնը գիտութեան բարձրագոյն աստիճանը ըլլալէ առաջ` ծառայութեան աւելի բարձր պատասխանատուութիւն է»:

Աւարտին Մեսրոպ արքեպիսկոպոս որդիական ջերմ շնորհաւորութիւններ յայտնեց` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, միաբանութեան, նորոգ ձեռնադրեալներուն, անոնց ծնողներուն եւ այն թեմերուն, ուր կը ծառայեն:

Յաւարտ սուրբ պատարագին հայրապետական թափօրը բարձրացաւ վեհարանի դահլիճ, ուր կաթողիկոսը «Պահպանիչ» աղօթքով իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը շնորհեց նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Աշխատանքներու Ծանօթացում Եւ Անդամագրութիւն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի Աշխատանքներու Ծանօթացում Եւ Անդամագրութիւն
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Աշխատանքներու Ծանօթացում Եւ Անդամագրութիւն

November 28, 2026
«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։