Հայ լուղորդներ Վարսենիկ Մանուչարեան եւ Աշոտ Չախոյեան կը մասնակցին կարճ (25 մեթր լողաւազան) լողի 2026-ի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 1-էն 6 դեկտեմբեր, Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ:
Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներն ալ հանդէս կու գան երկու անհատական մրցաձեւերուն: 20 տարեկան Աշոտ Չախոյեան կը մասնակցի 50 եւ 100 մեթր կուրծքի վրայ լողաոճի մրցումներուն, մինչ 23 տարեկան Վարսենիկ Մանուչարեան 50 եւ 100 մեթր թիթեռի լողաոճի մրցումներուն:
Երկու մարզիկներն ալ Հայաստանի գործող մրցանիշ կրող մարզիկներն են իրենց մասնակցած 4 մրցաձեւերուն մէջ եւ այդ պատճառով ալ պիտի մասնակցին Փեքինի մրցումներուն:
Վարսենիկի 50 մեթր թիթեռի լողաոճի մրցանիշն է 27,63 երկվայրկեան, իսկ 100 մեթր` 1′ 00″.52: Աշոտի 50 մեթրի կուրծքի վրայ լողաոճի մրցանիշն է 28″.29, իսկ 100 մեթրի` 1’02”.13:
Փեքինի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութիւնը պիտի կայանայ 25 մեթրնոց լողաւազանի մէջ: Նախապէս 2008-ի Ողիմպիականին ալ գործածուած էր 25 մեթրնոց լողաւազան:
2028-ի Ողիմպիականին (Լոս Անճելըսի մէջ) միայն կ՛օգտագործուին 50 մեթրնոց լողաւազաններ, եւ այդ պատճառով մեր մարզիկները չեն մասնակցիր ողիմպիական մրցումներուն:


