Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 24, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի արտասանած ճառը լիբանանեան պետութենէն սպասուած դիրքորոշումն է, եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ֆահտ Տոսարիի` նախագահ Աունի խօսքը «Էքս»-ի իր էջին վրայ տեղադրելը չափազանց կարեւոր ցուցանիշ է»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Այն, ինչ որ նախագահ Աունը ըսաւ, միայն աչքի փոշի ցանել է, եւ շրջագծային համաձայնագիրի տգեղութիւնն ու բանակցութիւններու ձախողումը ծածկելու ծուխի վարագոյր: Ոչ ոք մերժած է դիւանագիտութեան կամ բանակցութիւններու սկզբունքը, ընդհակառակն` առարկութիւնը կը վերաբերի բանակցութիւններու կայացման եղանակին:

«Կուսակցութիւնը Աունի ճառը կը նկատէ իր դէմ քաղաքական լարուածութեան սրման յաւելեալ քայլ` զարմանալով, թէ նախագահը ինչո՛ւ Անկախութեան օրը ընտրած է` յայտարարելու այնպիսի դիրքորոշումներ, որոնք պիտի խորացնեն պառակտումը: Նման դիրքորոշումները ինչպէ՞ս կրնան երկխօսութիւն յառաջացնել»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Նահր Քալպի մէջ դրօշի բարձրացման արարողութեան ներկայութիւնն ու նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ անոր կնոջ կողքին նստիլը վարչապետ Նաուաֆ Սալամի բացակայութեան վերաբերեալ հարցականներ յառաջացուց` նկատի առնելով այն, ինչ որ կ՛ըսուի  քուլիսներու մէջ Սալամի` անձնական պատճառներով Լիբանանը լքելու հարկադրանքին մասին, ինչ որ կրնայ պատրուակ ըլլալ արարողութեան չմասնակցելու, յատկապէս այն պատճառով, որ մշակոյթի նախարարը առարկած է եւ դատական ու անվտանգութեան մակարդակներով քայլերու ձեռնարկած է հնագիտական վայրի մէջ աշխատանքները դադրեցնելու համար»:

. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Պէյրութ հասաւ միջազգային յստակ պատգամ մը. «Լիբանանի առջեւ առիթ գոյութիւն ունի զէնքը ներքին որոշումով մենաշնորհելու, այլապէս ատիկա պիտի կատարուի դուրսէն` ուժի կիրարկումով, ինչպէս նախորդ երկու պատերազմներուն ընթացքին»:

.«ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Ֆրանսան Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ապագային շուրջ տարակարծութեան փուլէն ետք ֆրանս-ամերիկեան մերձեցումին լոյսին տակ մտադիր է դեկտեմբերին Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի նախագիծ մը պատրաստելու»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ  աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ուաշինկթըն հարաւային Լիբանանի մէջ այլընտրանքային ուժեր չ՛ուզեր, մինչ Ֆրանսան կը փորձէ հեռացման շրջանէն օգտուիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի մնացորդը պահելու եւ շարունակելու առաքելութիւն մը, որ պիտի ճշդուի նոր որոշումով մը, երբ անոր ներկայութիւնը ամբողջովին վերջ գտնէ»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլան դէմ է իր անդամներու շարունակական կալանքին արարքներու պատճառով, զորս կը նկատէ դիմադրութիւն Իսրայէլի դէմ, երբ միւս կողմէ ազատ արձակուած է 2013 թուականին Հարաւային արուարձաններուն մէջ զոհերու պատճառ դարձած  Ռուէյսի եւ Պիր Ապտի ականահարումներուն մէջ մեղադրուողը»:

. ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Դամասկոսի կողմէ բացայայտուած Հըզպալլայի առնչուած բիջիջները կը ներկայացնեն Սուրիոյ տարածքին մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող աւելի լայն ցանցի միայն մէկ մասը: Հանրութեան չեն յայտնուած բազմաթիւ բջիջներ, ինչպէս նաեւ զէնքի պահեստներ, որոնք կը պատկանին Հըզպալլայի Սուրիոյ մէջ զինուորական ներկայութեան տարիներուն, երբ ան կը կռուէր Ասատի վարչակարգի կողքին»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկացիները վերսկսան կարգ մը լիբանանցիներու ըսել, թէ Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմի որոշումը տրուած է, հարցը միայն ժամկէտին կապուած է, եւ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է պատերազմին հետ քայլ պահեն` Հըզպալլայի դէմ ուղղակի քայլերու ձեռնարկելով»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Իրաքի վարչապետարանին մէջ ապահովական շահագրգիռ մարմինները ապահովական ու լիբանանեան ծառայութիւններէ ստացան տեղեկութիւններ ու տուեալներ, որոնք Իրաքի վարչապետ Զէյտիի ուշադրութեան կը յանձնեն, թէ Լիբանան անոր այցելութիւնը ապահովական վտանգներ կը պարունակէ»:

. ՏԱՐԱՏԵՍԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իրավիճակը չափազանց վտանգաւոր է, որովհետեւ Դամասկոս այժմ ունի ճշգրիտ տեղեկութիւններ, որոնք կը հաստատեն, որ Ասատի վարչակագի բազմաթիւ մնացորդներ եւ անոր անվտանգութեան գործիչներ Լիբանանը կ՛օգտագործեն իբրեւ իրենց գործունէութեան յենակէտ` աշխատելով միջոցներ ու զէնք  հաւաքելու եւ արտասահմանի մէջ գտնուող նախկին ղեկավարներու հետ կապի ցանցեր վերականգնելու»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Լիբանանի բարեկամ երկիրներու հետ անվտանգութեան համակարգումը մեծ զարգացում կ՛ապրի երկրին մէջ Հըզպալլայի շարժումին առնչուած ամէն բանի մէջ, ինչ որ յստակօրէն երեւցաւ Տահր Պայտարի եւ Ժրուտ Պշարրէ-Թաննուրինի մէջ, եւ այս համակարգումը կրնայ մեզ առաջնորդել շարք մը տարածքներու, մասնաւորաբար սահմանամերձ շրջաններու մէջ խմբաւորումներու աւելի բարդ շղթաներու»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Յառաջիկայ տարուան սկիզբը կրնայ Լիբանանի համար մեծ անակնկալներ բերել, յատկապէս այն պատճառով, որ արտաքին դիւանագիտութեան քուլիսներուն մէջ, լրատուամիջոցներէն հեռու կատարուողը կրնայ լիբանանեան հարցին մէջ որակական տեղաշարժ ըլլալ»:

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Մաշարիհ Քահի մէջ պայթուցիկ նիւթերու մաքսանենգման գործողութեան հարցով կալանաւորուածներուն թիւը բարձրացաւ հինգի, եւ հետաքննութիւնը, որ զինուորական ոստիկանութեան կողմէ սկսած էր, այժմ կը կատարուի բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ պատկերասփիւռային աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Մաշարիհ Քահի մէջ գրաւուած պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարը տակաւին Ապլահի մէջ զինուորական ոստիկանութեան մօտ է, եւ հետագային պիտի փոխանցուի բանակի գաղտնի սպասարկութեան` շարունակելու համար հետաքննութիւնը եւ գործի մանրամասնութիւնները բացայայտելու:

«Նախնական հետաքննութիւնները ցոյց տուին, թէ պայթուցիկ նիւթերը ստանձնելիք անձը Սուրիոյ քաղաքացի մըն է»:

. «ՆԱՇՐԱ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «այս շաբաթ ելեկտրականութեան մատակարարումը զգալիօրէն պիտի նուազի, ինչ որ արդէն սկսած է որոշ շրջաններու մէջ, մասնաւորաբար Տէյր Ամմարի ելեկտրակայանէն ելեկտրականութիւն ստացող տարածքներուն մէջ, մինչեւ չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն լրիւ անջատման հաւանականութեամբ` մինչեւ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերու միջեւ երկարող ժամանակաշրջանին վառելանիւթով բեռցուած նաւի մը ժամանումը, քայլերու ամբողջացումը, բեռը պարպել սկսիլն ու վառելանիւթը ելեկտրակայաններուն մատակարարելը»:

Նախորդը

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.