Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի` Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով յղած շնորհաւորական ուղերձը:
Ռուպիօ իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ. «Միացեալ Նահանգները իր անկախութեան 83-ամեակին առիթով կը շնորհաւորէ լիբանանցի ժողովուրդը: Լիբանանցի ժողովուրդը, ըլլայ այդ հայրենիքի թէ օտարութեան մէջ, արտակարգ տաղանդ ու դիմանալու կարողութիւն ցոյց տուաւ:
«Այս առիթով, Միացեալ Նահանգները կը վերահաստատեն իրենց աջակցութիւնը Լիբանանի մը նկատմամբ, որ ամբողջական գերիշխանութիւն կը վայելէ, իր դրացիներուն հետ խաղաղութեամբ կ՛ապրի եւ միայն իր քաղաքացիներու հաշուետուութեան ենթակայ է:
«Պիտի շարունակենք լիբանանցի ժողովուրդին ու լիբանանեան պետութեան կողքին կանգնիլ եւ անհամբեր կը սպասենք մեր երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան ամրապնդման»:


