Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճեմապտոյտ Մը Միջին Արեւելքի Մէջ» Խորագրեալ Արուեստի Իր Նորագոյն Ներկայացումով. Միրէյ Կոկիկեան Երախտագիտական Լուսաշող Եւ Գեղագիտական Արուեստի Իւրայատուկ Ոճով Կը Ջանայ Մեղմացնել Շրջանի Ապրած Դառնութեան Հետքերը

November 24, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող  շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի Սթարքօ կառոյցին կից «Քալիմ Պշարա» արուեստի ցուցասրահը խճողուած էր մեծաթիւ արուեստասէր երիտասարդներով, որոնք եկած էին ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ վայելելու լիբանանահայ արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեանի գունագեղ ստեղծագործութիւնները: Ներկաներուն մէջ ուշագրաւ էր Լիբանանի նախկին գեղեցկուհի Ռահաֆ Ապտալլան: Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին մեկնարկած այս ձեռնարկը, որ կը տեւէ մինչեւ ընթացիկ նոյեմբերի 24-ը, առիթ մըն է, ուր տաղանդաւոր գեղանկարիչը իր երախտագիտութեան զգացումները կը դրսեւորէ գունագեղ գիծերու արանքին բազմած գեղատեսիլ քաղաքներուն նկատմամբ: Այն քաղաքները որոնք, յատկապէս` Միջին Արեւելքի թէ աշխարհի այլ տարածքներու մէջ, ջերմ ոգեւորութեամբ դիմաւորած են տաղանդաւոր գեղանկարիչը, ինչպէս նաեւ` հազարաւոր այլ քաղաքացիներ, որոնք ապահովական դառն պայմաններու բերումով թէ առեւտրական ծրագիրներով նախընտրած են այցելել, գործակցիլ եւ ինչո՞ւ ոչ, հաստատուիլ այդ արաբաբոյր քաղաքներուն մէջ: Լիբանանեան հարթակներուն թէ սրահներուն զուգահեռ,  արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեան ջերմ ոգեւորութեամբ ու երբեմն ալ մրցանակներով դիմաւորուած ու գնահատուած է:

«Ազդակ»-ի հետ իր զրոյցի պահուն գեղանկարիչ Կոկիկեան նշեց, թէ այս գեղարուեստական գործերուն ընդմէջէն երախտագիտութեան նուազագոյն զգացումներն է, որ կը փորձէ փոխանցել միջինարեւելեան այս քաղաքներուն: Փաստօրէն անցնող տասնամեակներուն, յատկապէս` վերջին հնգամեակին, Միջին Արեւելքի մէկէ աւելի քաղաքներ թիրախ դարձան հրթիռներու տարափին, երբ հազարաւոր քաղաքացիներ տեղահանուած ու գաղթական դարձան իրենց իսկ հայրենիքին մէջ, ուրիշներ նոյնիսկ իրենց հայրենի բնօրրանը կորսնցնելու սպառնալիքին տակ գտնուեցան: Այլ խօսքով, բազմապիսի դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ յաղթահարած ու վերստին ոտքի կանգնիլ փորձող այս քաղաքներուն լուսաշող, գունագեղ ստեղծագործութիւններով փոխանցուող այս նախաձեռնութիւնը շնորհակալութենէն անդին երախտագիտութեան, յոյսի եւ գոյատեւման խթանող քայլ մըն է արուեստագէտին կողմէ:

«Ճեմապտոյտ մը Միջին Արեւելքի մէջ» («A Walk in The Middle East») խորագրեալ արուեստի իր նորագոյն ներկայացումով գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեան կը փորձէ պեղել այդ քաղաքներուն յատակը թաքնուած դարերու աւանդը: Ան կը փորձէ վերյիշել անցեալի ու ներկայի բախումէն մնացած յուշերու պատառիկներ, որոնք, թէեւ` հնամաշ ու սպառած, բայց եւ այնպէս, տակաւին կը խորհրդանշեն պատմական հետքերու աւանդը: Կիսավերացական կամ կիսաանհեթեթ ( Semi-abstract ) արուեստի դրոշմով յատկանշուող արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեան իր նշեալ «ճեմապտոյտ»-ով կը փորձէ մեղմացնել միջինարեւելեան այդ քաղաքներու եւ տարածքներու ապրած ողբերու դառնութիւնը:

«Իմ վառ գոյներս զօրաւոր լուսաւորում կը փայլատակեն եւ կը կենդանացնեն երեւակայութիւն ու ընկերային յուշեր» (my vivid colors flash an intense ligtning and activate imagination and social recollections) արտայայտութեամբ կը դիմաւորէ Կոկիկեան իր կայքը այցելողները: Անոր օգտագործած գոյներուն մէջ ուշագրաւ է կարմիրը, որ ներշնչուած է հայկական որդան կարմիրին նկատմամբ Կոկիկեանի ունեցած սէրէն: Ստեղծագործելու պահուն Կոկիկեան կը ներշնչուի շարական ունկնդրելով:

Ազգային առումով, հայկական ողբերգութիւն (Ցեղասպանութիւն, ջարդ, գաղթ…) խորհրդանշող յատուկ գործերէ աւելի,   գեղանարիչ Միրէյ Կոկիկեանի գործերուն մէջ ակնյայտ է հայկական արմատներու հետքեր` Կոմիտասէն, Դանիէլ Վարուժանէն, Սերկէյ Փարաճանովէն, Փոլ Կիրակոսեանէն, որոնց նուիրուած յատուկ գործեր ունի:

Միրէյ Կոկիկեան ծանօթ արուեստագէտ է Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի, ինչպէս նաեւ արուեստի միջազգային սրահներու մէջ իր ցուցադրած արուեստի գործերով: Անոր ստեղծագործութիւնները գնահատուած են հմուտ արուեստաբաններու կողմէ` արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու եւ ուշադրութիւնը գրաւած` արուեստի համաշխարհային մասնագէտներու: Տաղանդաւոր այս գեղանկարիչը կազմակերպած է աւելի քան տասնեակ մը անհատական ցուցահանդէսներ եւ մասնակցած` շուրջ վաթսուն հաւաքական ցուցահանդէսներու: Աւելի քան երեսնամեայ իր ստեղծագործութիւններէն գլուխ գործոցներ կարելի է գտնել տեղական, շրջանային թէ միջազգային ցուցասրահներու թէ թանգարաններու մէջ: Լիբանանէն մինչեւ Սուրիա, Յորդանան, Երուսաղէմ, Քաթար, Քուէյթ, Ռիատ, Սէուլ, Թոքիօ, Լոնտոն, Փարիզ, Իտալիա, Սպանիա եւ այլուր իր  ներկայացումներով ան արժանացած է բարձրագոյն մրցանակներու եւ շքանշաններու:

«Ճեմապտոյտ Մը Միջին Արեւելքի Մէջ» Խորագրեալ Արուեստի Իր Նորագոյն Ներկայացումով.  Միրէյ Կոկիկեան Երախտագիտական Լուսաշող Եւ Գեղագիտական Արուեստի Իւրայատուկ Ոճով Կը Ջանայ Մեղմացնել Շրջանի Ապրած Դառնութեան Հետքերը
«Ճեմապտոյտ Մը Միջին Արեւելքի Մէջ» Խորագրեալ Արուեստի Իր Նորագոյն Ներկայացումով.  Միրէյ Կոկիկեան Երախտագիտական Լուսաշող Եւ Գեղագիտական Արուեստի Իւրայատուկ Ոճով Կը Ջանայ Մեղմացնել Շրջանի Ապրած Դառնութեան Հետքերը
Նախորդը

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.