Գործակցութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 22 նոյեմբերին Զալքայի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Անկախութեան տօնի նշում: Այդ առիթով տեղի ունեցաւ տողանցք, որ ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Փրոմենատ» պանդոկի կողքի կառատունէն դէպի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբ: Տողանցքին մասնակցեցան ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի շեփորախումբը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտները, ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղի սկաուտները, Զալքայի շրջանի ՀԿՄ-ի պատանեկանը, ՀՅԴ «Սերգէյ» պատանեկան միութեան պատանիները, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի անդամները եւ հայորդիներ:
Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, Զալքայի քաղաքապետ Միշէլ Ասսաֆ Մըր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ: Հայերէնով խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղէն Նարօտ Մերտխանեան, իսկ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին անունով արաբերէնով խօսք առաւ Ծովիկ Գալեմքէրեան:
Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն: Բարձրացուեցաւ լիբանանեան դրօշը` լիբանանեան քայլերգի հնչիւններուն ներքեւ:






