Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի կառատան մէջ նշուեցաւ Լիբանանի անկախութեան 83-ամեակը` մասնակցութեամբ Լիբանանի Ներքին ապահովութեան ուժերու շարժական զօրքերու ջոկատին:
Հաւաքին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ, շրջանի բնակիչներ եւ պատանիներ:
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի քայլերգը, ապա հայերէնով եւ արաբերէնով հերթաբար խօսք առին «Ն. Աղբալեան» պատանեկան միութենէն Լիմ Լիպարեան եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութենէն Գլարիթա Մելքոնեան:
Խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի անկախութեան օրը օրացոյցի վրայ նշուած սովորական օր մը չէ, այլ խորապէս ապրուած արժէք եւ սրբազան ուխտ է, մանաւանդ լիբանանահայութեան համար, որ լաւապէս կը գիտակցի անկախութեան եւ հայրենիքի արժէքը: «Արցախի կորուստի ցաւալի իրականութենէն ետք, երբ տակաւին թարմ է մեր ժողովուրդին բաց վէրքը, մենք աւելի քան երբեք կը գիտակցինք, թէ ազատութիւնն ու պետականութիւնը երբեք ինքնաբերաբար տրուած իրողութիւններ չեն»:
Խօսք առնողները նաեւ ներկայացուցին լիբանանահայութեան ներդրումները լիբանանեան զանազան բնագաւառներուն մէջ եւ անոր յանձնառութիւնը պաշտպանելու Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
Խօսքերէն ետք, Ներքին ապահովութեան ուժերու շարժական զօրքերու ջոկատը կատարեց իր զինուորական ցուցադրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր ինքնապաշտպանութիւն, կրակէ օղակներու մէջէն ցատկել, ոճրագործի ձերբակալութիւն, ցուցարարներ ցրուելու փորձ եւ «Սեն Ժաք» շէնքերէն դէպի վար պարաններով իջնել:
Աւարտին, իբրեւ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Արամ Սոմունճեան եւ ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ ատենապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան ջոկատի հրամանատարին յանձնեցին հայկական նուռը ներկայացնող նկարչութիւն մը:












